Ըստ Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին. Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ Հաշտութեան Ժամանակն Է

Փասքալ Մոնիէ

Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանսա հաւատարիմ է ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծման սկզբունքին:

«Մենք հաւատարիմ ենք ատոր, Փարիզի մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ կազմակերպուած են», ընդգծած է դեսպանը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա մտադիր է Սթրազպուրկի մէջ, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ հանդիպում կազմակերպել:

«Հաշտուելու ժամանակն է: Այդ մօտեցման կողմնակից է նաեւ Եւրոպական Միութիւնը, որ իր կարգին մարդոց միջեւ կապեր հաստատել կ՛առաջարկէ: Ատիկա շատ կարեւոր է: Չէք կրնար երկու ժողովուրդներ հաշտեցնել, եթէ կառավարութիւնները կ՛ըսեն, որ անոնք թշնամիներ են: Կը կարծեմ, որ ատիկա կը հասկնան նաեւ հակամարտող կողմերը, եւ յոյսով ենք, որ ատիկա գործով պիտի ցուցադրուի», ընդգծած է դեսպանը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Փարիզի մէջ յաճախ կրկնուող հանդիպումները կը նշանակե՞ն, թէ Ֆրանսա պատրաստ է աւելի աշխուժ դեր խաղալու ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ, դեսպանը պատասխանած է, որ երեք համանախագահներու միջեւ մրցակցութիւն չկայ, անոնք միասին կ՛աշխատին իբրեւ խումբ. «Փարիզը պարզապէս երբեմն շատ յարմար վայր է հանդիպումներ կազմակերպելու համար, որովհետեւ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու եւ Կովկասի միջեւ: Սակայն այդպիսի հանդիպումներ կատարուած են նաեւ Քրաքովի մէջ: Այնպէս որ Փարիզ շատ ուրախ է օգտակար ըլլալու, սակայն ատիկա առանձնանալու համար չէ»:

Ըստ դեսպանին, բազմաթիւ փորձագէտներ այս տարի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ ընտրութիւններու պատճառով բանակցութիւններու տապալում չեն ակնկալեր: «Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ տարին կորսուած է: Կը կարծեմ, որ այս տարին կողմերուն նոր գաղափարներ եւ քննարկումներ առաջարկելու տարի է: Ասիկա ինքնին դէպի յառաջ քայլ է», ընդգծեց Մոնիէ:

Share this Article
CATEGORIES