ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Վերահաշուարկ Պիտի Պահանջէ

ՀՅԴ-ն գնահատական չի տար Պռօշեանի տեղական ինքնակառավարման մարմինի ընտրութիւններուն, իսկ Դաշնակցութեան պարտուած թեկնածուն վերահաշուարկ կը պահանջէ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան վերջերս կը յայտնէր, որ հաշուի առնելով Պռօշեանի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, ընտրութիւնները պէտք է իտէալական ըլլան: Սակայն ան երէկ ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն զերծ կը մնայ այս պահուն Կոտայքի մարզի Պռօշեանի համայնքին մէջ տեղի ունեցած համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններուն առնչութեամբ գնահատական տալէ:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Պռօշեանի համայնքին մէջ 1317 ձայնով յաղթանակ տարաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ, ինքնառաջադրուած Արթուր Մուրադեան, իսկ միւս թեկնածուներէն դաշնակցական Վովա Սահակեան հաւաքեց 1241 ձայն, իսկ Ալեքսան Ալեքսանեան` 178 ձայն:

Ընտրութիւններու նախնական տուեալներով` թիւ 26 ընտրատարածքին մէջ 3991 ընտրողներէն նախանցեալ օր արձանագրուած եւ քուէաթերթիկ ստացած են 2799-ը: Անվաւեր ճանչցուած են 61 քուէաթերթիկներ:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Գրիգոր Արշակեան տեղեկացուց, որ յանձնախումբը ընտրախախտումներու մասին որեւէ ահազանգ չէ ստացած:

ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածու Վովա Սահակեան, որ կը վայելէր 2 ապրիլին սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի ընտանիքին աջակցութիւնը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդած է, որ խիստ վրդովուած է ընտրութեան արդիւնքներէն:

Վովա Սահակեան շեշտեց, որ պաշտպանութեան նախարարին հրամանով համակարգի բոլոր աշխատողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ընտրակաշառք բաժնեցին, որպէսզի անոնք քուէարկեն Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուին օգտին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ իր կարծիքով ի՞նչ էր պատճառը, որ լրատուամիջոցներուն համաձայն` պռօշեանցիները կը յայտարարէին, թէ կանգնած են դաշնակցական թեկնածուին կողքին, սակայն ընտրակաշառքը կ՛առնէին, Վովա Սահակեան յայտնեց. «Դուք Երուսաղէմէ՞ն եկած էք, թէ՞ այլ մոլորակէ: Մարդիկ օրուան հացի խնդիրը կը լուծէին եւ 10 000 դրամը այս աղքատութեան պայմաններուն մէջ գայթակղիչ է: Մարդիկ օրուան հացի խնդիրը լուծեցին, թէ չէ կանգնած են»:

Թեկնածուն նաեւ աւելցուց, որ այդքան միջոցներ օգտագործելուն իշխանութեան թեկնածուն ընդամէնը 64 ձայնի առաւելութիւն ունեցաւ: Վովա Սահակեան յայտնեց, որ վերահաշուարկի պիտի դիմէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES