ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը` Հայաստանի Մէջ. Սարգսեան Եւ Քոժարա Լիակատար Աջակցութիւն Յայտնեցին Մինսքի Խմբակի Առաքելութեան

Քոժարա եւ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարան:

Նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեան, ողջունելով եւ շնորհաւորելով Ուքրանիան` 2013 թուականին ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան առիթով, վստահութիւն յայտնեց, որ Ուքրանիոյ նոր կառավարութիւնը եւ անձամբ Լէոնիտ Քոժարա յաջողութեամբ պիտի իրականացնեն այդ պատասխանատու առաքելութիւնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ համագործակցութիւնը: Ըստ նախագահին, կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մեծ դեր խաղալ եւրասիական տարածքին մէջ եւ յատկապէս` Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ կայունութեան ապահովութեան ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի ներդրումը նաեւ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական հոլովոյթներու զարգացման գործին մէջ: Նախագահը յոյս յայտնեց, որ Լէոնիտ Քոժարայի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը նպաստէ շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի հիմնարկներուն միջեւ հետագայ համագործակցութեան խորացման:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները լիակատար աջակցութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ Մինսքի խմբակի առաքելութեան` ուղղուած տագնապի լարուածութեան թուլացման հաւանական նախաձեռնութիւններու իրականացման: Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սպառազինութիւններուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ գործող միջազգային համաձայնագիրներու իրագործման հարցերուն:

Սահակեան Կարեւոր Կը Նկատէ Լեռնային
Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը
Բանակցութիւններուն

Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպումէն պահ մը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Լէոնիտ Քոժարայի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային հոլովոյթներուն առնչուող տարբեր հարցեր:

Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կողմնակից է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ:

Բակօ Սահակեան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշտեան վեհաժողովին ընթացքին հաստատուած բանակցային ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական մասնակցութեան անկարելի է հասնիլ տագնապի համապարփակ լուծման:

Նախագահ Սահակեան ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման մեծագոյն խոչընդոտը նկատեց պաշտօնական Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, որ հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ եւ կ՛արժանանայ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատականին:

Հանդիպումին ներկայ էին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Հայաստանի Մօտեցումները Համահունչ`
Միջազգային Հանրութեան Դիրքորոշումին

Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Քոժարայի հանդիպումը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան եւ Ուքրանիա բարեկամութեան դարաւոր աւանդութիւններ ունին եւ այսօր ալ այդ հիմքին վրայ կը կառուցուին միջպետական յարաբերութիւններ: Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստան կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ին մէջ Ուքրանիոյ նախագահութեան եւ պատրաստ է իր նպաստը բերելու ուքրանական նախագահութեան առաջնահերթութիւններու իրագործման, պիտի նպաստէ ուքրանական նախագահութեան ընթացքին կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան եւ կենսունակութեան բարձրացման ուղղուած քայլերուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկում տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ, միտքեր փոխանակուեցան ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան օրակարգային հարցերուն, կազմակերպութեան դերին եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով ծրագրուող բարեփոխումներուն շուրջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները, այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան միշտ ալ հանդէս եկած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման օգտին եւ իր մօտեցումները համահունչ են միջազգային հանրութեան դիրքորոշման, որ արտացոլուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն յայտարարութիւններուն մէջ 2009-ին` Աքուիլայի մէջ, 2010-ին` Մոսկուայի մէջ, 2011-ին` Տովիլի մէջ, 2012-ին` Լոս Քապոսի մէջ, իսկ 2013-ին` Էնիսքիլենի մէջ:

Այս շրջագիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը շեշտեց, որ ուքրանական նախագահութիւնը կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն:

Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին կողմէ իրականացուող աշխատանքները:

Բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպական խորհուրդի եւ ԵԱՀԿ-ի համագործակցութեան առնչուող հարցեր` Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES