20 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Ֆրանսա Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Թուրքիոյ մէջ աւարտեցաւ 20 տարեկանէն վար ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ֆրանսայի եւ Ուրուկուէյի ազգային խումբերուն միջեւ:

Մրցումին 90 վայրկեաններուն, ապա երկարաձգման 30 վայրկեաններուն, երկու կողմերն ալ չյաջողեցան ցնցել իրարու բերդին ուռկանները:

Դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն, եւ Ֆրանսա 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:

Երրորդ հանդիսացաւ եւ պրոնզէ մետալին տիրացաւ Ղանա:

Ինչ կը վերաբերի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին, անոր տիրացաւ Ֆրանսայի խմբապետը` Փոլ Փոկպան, որ տիրացաւ ոսկիէ գնդակին:

Արծաթէ գնդակին տիրացաւ Ուրուկուէյի հաւաքականի եւ Ուտինեզէի յառաջապահ Նիքոլա Լոփես, իսկ պրոնզէ գնդակը ստացաւ Ղանայի միջնապահ Քլիֆորտ Ապոաճի:

Share this Article
CATEGORIES