Հայաստանի Մէջ «Պունտըսլիկա»-ի Մրցումները Պիտի Պատկերասփռուին «Լայմ» Պատկերասփիւռի Կայանէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի` «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի մրցումները Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին մէջ պիտի ցուցադրուին «Լայմ» պատկերասփիւռի կայանէն:

Այս մասին կը յայտնէ վերոնշեալ կայանի պաշտօնական կայքէջը` նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:

Նշենք, որ 2013-2014 տարեշրջանին «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին հետ, որուն տոմարներուն վրայ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:

Share this Article
CATEGORIES