Թիակօ Ալքանթարա Միացաւ Պայէրն Միւնիխի
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականին մաս կազմող Թիակօ Ալքանթարա, լքելով իր ակումբը` Պարսելոնան, փոխան 25 միլիոն եւրոյի միացաւ Եւրոպայի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի:
Այսպիսով, 22 տարեկան Ալքանթարա դարձեալ իրեն մարզիչ պիտի ունենայ Փեփ Կուարտիոլան, որ ստանձնեց գերմանական ակումբին մարզիչի պաշտօնը:
Միանալով Պայէրնի եւ անոր հետ ստորագրելով չորս տարուան համաձայնագիր մը, Ալքանթարա այսպիսով կու գայ աւելի զօրացնելու խումբին միջնապահ գիծը:
Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ 15 անգամ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

