Արազ Օզպիլիսի Կոլը Քուպանը Փրկեց Պարտութենէ Մը
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Քուպան, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռուպինը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ, կը յայտնէ armfootball.com:
Թէեւ հիւր կազմը 71-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն 3 վայրկեան ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, փենալթիով հաւասարեցուց արդիւնքը:
CATEGORIES Մարզական

