Ճատրակ. Հայրենի Կրանտմասթըրներուն Մասնակցութիւնը` Տարբեր Մրցաշարքերու
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պարսելոնայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, առաւելագոյն 10 կէտէն 6 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 9-րդ` 83 մասնակցողներու մէջ: Հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Յովիկ Հայրապետեան, ապահովեց 5,5 կէտ:
Տիտղոսին տիրացաւ կրանտմասթըր Քրիսթիան Քրուզ (Փերու), որ ապահովեց 7,5 կէտ:
Հայկական աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Կարէն Մովսիսցեան, առաւելագոյն 10 կէտէն 7 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 22-րդ, Պենասքէի մէջ (Սպանիա) 408 անձերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Թայ-պրէյքի մրցումով, տիտղոսին տիրացաւ կրանտմասթըր Էտուարտօ Իթթուրիցակա (Վենեզուելա), որ ապահովեց 8,5 կէտ:

