Արթուր Սարգիսով Ուրալի Կազմէն Հանդէս Պիտի Գայ Թիւ 69 Մարզաշապիկով

Իր լուրը քաղելով Ուրալի պաշտօնական կայքէջէն` ArmFootball.com կը յայտնէ, որ յառաջապահ Արթուր Սարգիսով իր կազմին հետ հանդէս պիտի գայ թիւ 69 մարզաշապիկով:

Շատ հաւանաբար Սարգիսով, իր պաշտօնական նորամուտը իր նոր կազմին հետ նշէ 17 յուլիսին, երբ անոր կազմը իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Մոսկուայի Բանակայինները:

Նշենք, որ 26 տարեկան Սարգիսով Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ հանդէս կու գայ թիւ 11 մարզաշապիկով:

 

Share this Article
CATEGORIES