Արարատ Ուսումնամարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ Սերպիոյ Մէջ

ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Արարատ Երեւան 17 յուլիսին պիտի մեկնի Սերպիա, ուր ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ:

Այդտեղ հայկական ակումբը պիտի կատարէ ֆութպոլի երեք բարեկամական մրցում` 20, 23 եւ 25 յուլիսին:

Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, խումբին պիտի շարունակեն միանալ նոր մարզիկներ:

Նախորդ շաբաթավերջին Արարատ մինչեւ մայիս 2014 պայմանագրութիւն մը կնքեց սերպ յետսապահ Միլոշ Սպանիքովիչի հետ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը խումբին հետ պիտի շարունակէ նաեւ Ուլիսի նախկին յառաջապահ Արսէն Բալաբեկեան:

Շատ հաւանաբար շուտով երկու հայ ֆութպոլիստներ եւս միանան խումբին:

Share this Article
CATEGORIES