Հայաստան Միակն Ըլլալով Ի Նպաստ Թուրքիոյ Չքուէարկեց

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Գագիկ Մինասեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան երկիրներուն խորհրդարանական համագործակցութեան 41-րդ վեհաժողովին Հայաստան հրաժարեցաւ ի նպաստ Թուրքիոյ քուէարկելէ` 2020-ի ողիմպիական խաղերը Թուրքիոյ մէջ կատարելու գծով:

«Մեզմէ բացի, բոլոր պատուիրակութիւնները ի նպաստ Թուրքիոյ առաջադրած թեկնածութեան քուէարկեցին: Մեզի համար ողիմպիական խաղերը ոչ միայն մարզական տօն են, այլ նախ եւ առաջ` խաղաղութեան եւ համաձայնութեան: Իսկ մենք խաղաղութիւն եւ համաձայնութիւն չենք տեսներ Թուրքիոյ մէջ», ըսաւ Մինասեան:

Անոր խօսքերով, Թուրքիա ցարդ կը շարունակէ Հայաստանի շրջափակումը, ինչ որ բնականաբար առիթ չի տար Հայաստանին, որ ի նպաստ Թուրքիոյ թեկնածութեան քուէարկէ:

 

Share this Article
CATEGORIES