Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յաջող գործունէութեան կարելիութիւն մը կը ձեւաւորուի ձեր դիմաց: Ձեզի կը մնայ օգտագործել, գործի անցնիլ` առանց դանդաղելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առեւտրական, կալուածային կամ այլ կարգի առուծախի բանակցութիւն մը պիտի կատարուի ի նպաստ ձեզի: Այս յաջողութիւնը նկատառելի է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբ կ՛աշխատիք կանոնաւոր ու կարգապահ, դասաւորուած ձեւով, արդիւնքը կ՛ըլլայ ապահով, արագ եւ նկատառելի: Օրը շահաբեր է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ամուրի էք, պատրաստուեցէք կարեւոր փոփոխութեան մը ձեր զգացական կեանքին վերաբերեալ: Ձեր նկատմամբ կայ զօրաւոր սէր, հետաքրքրութիւն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յուշեր պիտի արթննան ձեր եւ ձեր հարազատին միջեւ: Անցեալի հարցերը պիտի յուզեն ձեզ: Ձգեցէք այդ հարցերը, մոռցէք, չ՛արժեր յուզուիլ անիմաստ բաներու համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բնութեան մէջ գտէք խաղաղ անկիւն մը եւ օրուան մը համար գոնէ եղէք խաղաղ մթնոլորտի մէջ: Փորձեցէք, կ՛օգտուիք: Օրը լաւ է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ձեզի պիտի յանձնուի յաւելեալ պատասխանատուութիւն, որուն պիտի հետեւի անշուշտ թոշակի յաւելում: Յաջողութիւն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարեւոր է խնամել մարմինը` առողջութեան եւ գեղեցկութեան սիրոյն: Այսօր պիտի հետեւիք այս աշխատանքին, պիտի գոհանաք եւ ուրախանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի հետեւիք նոր յայտագրի մը կամ նոր աշխատանքի մը, որուն օգուտը պիտի տեսնէք առաջին իսկ օրէն: Գործի անցէք շուտով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տօնական զուարթ տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք արձակուրդի այս պահերուն: Օգտուեցէք, ուրախ բարեկամներու միացէք, կարեւոր է այս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Իմաստուն եւ շահեկան որոշում մը պիտի տաք, որ կը վերաբերի ձեր ասպարէզին ու աշխատանքին: Օրը ունի դրական անդրադարձ` յաջողութեամբ լեցուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բացիկ մը ղրկեցէք ձեր հարազատին հոնկէ, ուր կը գտնուիք արձակուրդով կամ գործով: Ձեր բարեկամները կ՛ակնկալեն այս, իրենք ալ պիտի ընեն նոյնը:

