50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1963)

Հայաստան

Կրթական Վիճակը

Հայաստանի կրթական վիճակի մասին ընդհանուր գաղափար մը կու տայ «Սովետական Հայաստան»-ի յունիս 28-ի խմբագրականը:

Այս տարուան ընթացքին գործադրութեան դրուած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան ծրագիրը: Դպրոցներուն, յատկապէս մէկէն ութերորդ դասարաններուն մէջ, զգալի կերպով շատցած է աշակերտներուն թիւը: Հանրակրթարաններու այս դասարաններուն մէջ աշակերտութեան թիւն է 357.000. 29.000 աւելի, քան` նախորդ ուսումնական տարին:

Պաշտօնական մարմինները որոշ աշխատանքներ տարած են աղքատ երեխաները ձրի դասագիրքերով եւ հագուստով ապահովելու ուղղութեամբ: 1962-ին բացուեցան 46 դպրոցներ` 23.650 տեղով, 11 դպրոցներու կողքին լրացուցիչ կառուցումներ կատարուեցան:

Ընդհանուր ութամեայ պարտադիր կրթութեան մասին օրէնքին նպատակն է ամէնէն առաջ դպրոցի գրասեղաններուն վրայ պահել 7-15 տարեկան բոլոր երեխաները: Դժբախտաբար, շատ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Էջմիածին, Աշտարակ, Մարտունի, Աբովեան, բոլոր երեխաները չեն, որ դպրոց կը յաճախեն:

Այս ուսումնական տարուան ընթացքին հինգ հազար աշակերտներ դադրեցան դպրոց յաճախելէ` իրենց դասարանները կրկնած ըլլալուն պատճառով:

Լուրջ թերութիւններ կան աշակերտներու սնունդի մատակարարման գործին մէջ: «Զգալի թիւով երեխաներ զրկուած են տաք նախաճաշ ստանալու հնարաւորութենէն»:

1962-1963 ուսումնական տարուան ընթացքին Հայաստանի յատկապէս գիւղական դպրոցներուն մէջ եղած է մանկավարժներու մեծ պակաս, որ նոյնպէս բացասական ազդեցութիւն ունեցած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան օրէնքին իրականացման վրայ:

Իրանահայ Ներգաղթողներ

Յունիս 27-ին Հայաստան հասած է 97 պարսկահայերէ բաղկացած ներգաղթողներու նոր խումբ մը: Ասոնցմէ 12-ը հաստատուած են Հրազդան, մնացեալները` Կիրովական եւ Լենինական:

«Եդիպոս» Օփերան

Վերջերս Երեւանի օփերային մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ յոյն ողբերգակ Սոփոկլեսի համանուն ողբերգութեան վրայ գրուած «Եդիպոս» օփերան, որուն հեղինակն է ամերիկացի երգահան Իկոր Սթրաւինսքի:

Արամ Խաչատուրեանի 60-ամեակին Առիթով

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 60-ամեակին առիթով ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ: Ներկայացուած գիրքերը, լուսանկարները եւ այլ նիւթերը կը պատմեն երաժշտական արուեստին մեծատաղանդ երգահանին կեանքին ու գործունէութեան մասին:

Share this Article
CATEGORIES