«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թիրօ Քէմփը Եւ Ազգային Նուպարեան Վարժարանը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պուրճ Համուտի հիւսիսային կողմը, դէպի ծովափ երկարող գօտիին մէջ 1924-էն սկսեալ կազմաւորուած էր Թիրօ քէմփը, ուր կայք հաստատած էր գաղթական հայութեան մէկ հատուածը: Ֆրանսական հոգատարութեան հաստատումէն ետք այս դաշտին մէջ աղաւնիներ կը պահէին եւ թռչած ժամանակ աղաւնի զարնելու մրցումներ կը կազմակերպէին: Ասիկա տեսակ մը բախտախաղ էր, եւ անվրէպ զարնողը գրաւը կը շահէր: Այս շրջանը կոչուած էր թիր-օ-փիժոն (ֆրանսերէն թիր` նշանառութիւն, փիժոն` աղաւնի):

Դէպի ծովափ երկարող այս գօտիին մէջ քրիստոնեայ Շէյխանի ընտանիքը կալուած եւ քարաշէն կղմինտրածածկ բնակարան ունէր (որ կանգուն է մինչեւ այսօր եւ կը գտնուի «Ազդակ»-ի դրացնութեան մէջ, «Շաղզոյեան» կեդրոնին դիմացը): Փոքր բնակարան մըն ալ կար Շէյխանիներու տան կողքին: Պէյրութ գետէն արեւելք տարածուող այս կալուածը բանջարանոց մըն էր, ուր կը մշակէին գլխաւորաբար լոլիկ, սմբուկ, դդում, բողկ եւ լուբիա:

Շէյխանիներու կալուածէն դէպի հարաւ, ներկայ Նոր Մարաշի շրջանին մէջ տարածուած էր Քահուաճիներուն կալուածը, որոնց բնակարանը կը գտնուէր ներկայ Արաքս փողոցին վրայ: Նշենք, որ Քահուաճիներու շառաւիղներ մինչեւ այսօր ալ կը բնակին Պուրճ Համուտի մէջ. նոյն ընտանիքէն է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ժան Քահուաճի:

Թիրօ քէմփը կ՛ընդգրկէր Շէյխանիներու կալուածին կողքին տարածուող գօտին. քէմփին մէջէն կ՛անցնէր Իւչ Կէօզի (Նապաա) գետակը: Քէմփը կ՛երկարէր մինչեւ ներկայ մայրուղին:

***

«Ազդակ» 6 փետրուար 1954-ին, «Հայկական հիւղաւանը եւ Նուպարեան ազգային վարժարանը» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.

«Պուրճ Համուտի ծովափին, գաղթական հայութեան հեւասպառ կարաւանն է կքած` հայկական հիւղաւանը: Թշուառութիւնը իր երախը բացած կը հեղեղէ այս խրճիթներուն տարաբախտ բնակչութիւնը: Ձմրան` անձրեւին ջուրը կը լճանայ անցքերուն մէջ, ցեխ ու աղտեղութիւն: Յաճախ ծովը իր ալիքները կը նետէ, հիւղերը կ՛ողողուին ջուրերով… ու անկէ վերջ` հիւանդութիւնը իր դունչը կ՛երկարէ խրճիթէ խրճիթ, կողատապը մանուկներէն շատեր կը նետէ մահուան փոսը, որովհետեւ այս հիւղերուն մէջ` դեղ չկայ հիւանդին համար, սնունդ չկայ առողջութեան համար, կրակ չկայ ջերմութեան համար:

Ձմեռը կ՛անցնի աւերներով: Ահա՛ ամառը: Արեւը կարմրցուցած է արդէն թիթեղեայ հիւղերը, ծովուն խոնաւ ջերմութիւնը քրտինքով կ՛ողողէ բնակչութիւնը, անցքերուն հողը փոշիի վերածուած կը պտուտքի օդին մէջ, ուր մանուկներ կը խաղան, հայու անուշ աչքերով մանուկներ, քանի մը օր յետոյ հողէն կարմրած իրենց աչքերը կապելու համար: Եւ այս բոլորին վրայ` գարշահոտութիւն մը` որ կը բարձրանայ, շրջակայքը գտնուող խաղախորդարաններու աղտեղութիւններէն:

Ու այս առողջապահականօրէն ապականած մթնոլորտին մէջ` հայո՛ւ հոգին, որ յոյսի լեռներ կը բարձրացնէ թշուառներու աչքերուն մէջ, յաղթանակի երգեր կը նետէ մանուկներու շրթներուն եւ հաւատքի յորձանքներ` ալեհերներու սրտին, որոնք ամէն առաւօտ, իրենց դողդոջ քայլերով կ՛երթան եկեղեցի:

Այս շրջանի հայութեան սրտին մէջ` ցեղապաշտութիւնը բոցավառող կրակ մըն է: Անոնք` իրենց անլուր տառապանքին մէջ` միշտ կը զգան իրենց ցեղային արժանիքները, հպարտութիւնը: Թշուառութեան ծաղիկը, որ կը փթթի հայկական հիւղաւանին մէջ, կը խեղդուի՛ ամէն անգամ` երբ տօնակատարութեան մը առթիւ, ժողովուրդը կը հաւաքուի սրահի մը մէջ, համակուելով եւ փոթորկուելով իր ցեղին դիւցազնական մէկ յիշատակով:

Ամէն տարի` խոստումնե՛ր, շրջանի ժողովուրդը բարելաւելու համար: Սակայն անոնք կը սպասեն, որպէսզի կարգադրութիւն մը ըլլայ իրենց բնակարաններուն նկատմամբ: Պետութիւնը պէտք չէ ձգէ, որ այս թշուառ ժողովուրդը յուսալքուի, անոնց զաւակները հիւանդանան: Ցեխերուն մէջ մեծցող այդ մանուկներէն, անկասկած որ օր մը մարդիկ պիտի ելլեն` բարձրացնելու իրենց նո՛ր հայրենիքին` Լիբանանի պատիւը, անկասկած որ անոնցմէ մարդիկներ պիտի կազմուին, իրենց ազգակիցներու կողքին պաշտպան կենալու Լիբանանի մարզական վարկին: Սակայն…  հիւանդութիւն: Որքա՜ն ուժեղ դնդերներ պիտի թուլացնէ հիւղաւանին գրեթէ նեխած մթնոլորտը:

Ուրեմն` ժողովուրդին հետ մե՛նք ալ կը սպասենք, որ Լիբանանի պետական երեսփոխաններուն ներկայացուցած հարցը, ի մասնաւորի հիւղաւանին նկատմամբ, գտնէ իր շուտափոյթ լուծումը:

Նուպարեան Ազգային Վարժարան

Հայկական հիւղաւանին կեդրոնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին կից` կը գտնուի Նուպարեան Ազգային վարժարանը: Եկեղեցին ու դպրոցը, գրեթէ ոչ մէկ տարբերութիւն ունին շրջակայքի խրճիթներէն: Քանի մը հիւղեր` իրարու միացած, կը ներկայացնեն հիւղաւանին բնակչութեան հոգեկան ապաւէնի եւ մտքի մշակման կեդրոնը:

30 տարուան կեանք ունի այս վարժարանը եւ իր տեւողութեան ընթացքին` բազմաթիւ աշակերտներ տուած հայութեան: Ներկայիս 15 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը պաշտօնավարեն Նուպարեան Ազգային վարժարանին մէջ, ուր ֆիզիքական տառապանքը անտեսուած է գրեթէ, ուսուցիչներէն` միշտ աւելի օգտակար ըլլալու համար իրենց բեկորներուն եւ աշակերտներէն` իրենց պաշարին վրայ բա՛ռ մը եւ աւելցնելու համար Մեծասքանչին գանձէն:

Ժողովուրդը` իր թշուառութիւնը մոռցած, կը գուրգուրայ վարժարանին, որովհետեւ գիտէ թէ վաղուան իր զաւակները, որոնցմէ անպայման որ պիտի ելլեն ցեղին փառքերէն քանի մը հատ, իրենց յառաջդիմութեան նախաքայլերը կ՛առնեն ա՛յս հիւղակ-դպրոցին մէջ: Զգացումներու ամէնէն թելադրիչն է որ կ՛ունենայ այցելու մը` ի տես այն խանդավառ եւ վառվռուն աչքերով մանուկներուն, որոնք հպարտութեամբ կը մտնեն ու կ՛ելլեն դպրոցին դռնէն, որովհետեւ հայուն ժայռէ հաւատքը, իր մասնիկը նետած է արդէն անոնց սրտերուն մէջ:

350 հատ են անոնք, ներկայացուցիչները հայ խրճիթներուն, որոնք ձմրան ցուրտին` իրենց դողդոջ մարմինները պահած ցնցոտիներու մէջ, որոնք կը պահուին ո՛չ շատ լաւ գոգնոցներու տակ, երբեմն նոյնիսկ առանց կօշիկներու, կը վազեն դպրոց: Յուսահատութիւնը անծանօթ է այս մանուկներուն, նահանջը` անանուն երազ, իսկ յաղթանակը կեանքին մէջ` անպայման ծագելիք արեւ մը, որուն կը սպասեն հաւատքով, որովհետեւ այս մանուկները ներկայի իրենց դպրոցին մէջ կը սորվին` թէ յաղթանակը ստրուկն է պայքարին:

Նուպարեան Ազգային վարժարանին տարեկան պիւտճէն 19,000 լ. ոսկի է, որուն միայն 5400-ը աշակերտները կը վճարեն: Գրենական պիտոյքներէն եւ օժանդակ միութիւններէն ստացուած գումարէն զատ` տակաւին տարեկան 7000 ոսկիի բաց մը կայ:

Վարժարանին մէջ ամէնէն աւելի սան կը պահէ Լիբանանի օգնութեան խաչը (28), որմէ յետոյ կու գան Աղքատասիրացը (21), Ատանայի հայրենակցական միութիւնը (21), Միս Վիթց (15), Մովսէսեան (15): Ասոնցմէ զատ տակաւին կան փոքր բարերարներ, որոնք մի քանի սան ունին դպրոցին մէջ:

Իսկ այս բոլորէն զատ` տակաւին մօտաւորապէս 80 աշակերտներ կան, որոնք գրեթէ ձրիաբար դպրոց ընդունուած են, իրենց ծայր աստիճան թշուառութեան պատճառաւ: Բազմաթիւ ուսանողներ օտար վարժարաններու դռներէն կը վերադառնան, որովհետեւ ի վիճակի չեն վճարելու կրթաթոշակին ամբողջութիւնը, իսկ ուրիշներ` դեռ մանուկ` իրենց ծնողքին թշուառութեան պատ ճառով նետուած են արդէն կեանքի ասպարէզին մէջ, քանի մը դահեկանի օժանդակութիւն բերելու համար իրենց ընտանիքին: Այս բոլորին քով` ահա՛ հայ դպրոցը եւ հայ ծնողքը, ընթերցողը կրնայ զանոնք բաղդատել օտարներուն հետ, գտնելու համար կամքի եւ հաւատքի զօրութիւնը իր ցեղին մէջ:

Տակաւին աշակերտներ կան, որոնք ի վիճակի չեն օրուան համապատասխան իրենց սնունդը ստանալու: Պնակ մը կերակուրը` 100 հոգի կը կերակրէ, որոնք կրնային բոլորովին անօթի դպրոց գալ: ՀԲԸՄ-ը կը բաժնէ առաւօտեան կաթ:

Առողջապահականօրէն` եթէ ո՛չ մեր միւս վարժարաններուն տարողութեամբ, բայց ընդհանուր առմամբ գոհացուցիչ է աշակերտութեան վիճակը: Այս մարզին մէջ իրենց օժանդակութիւնը չեն խնայած Գարակէօզեան եւ ՀԲԸՄ հաստատութիւնները:

Վարժարանին տնօրէնն է պր. Մ. Սէֆէրեան:

* * *

Տորայի շրջանին մէջ կը գործէին հայ աւետարանական եւ ազգային Մեսրոպեան վարժարանները, որոնց մասին «Ազդակ» կը գրէր.

«Հայ Աւետարանական Վարժարան

Փոքր վարժարան մը` հիմնուած Տորայի մէջ 1950-ին, իր քանի մը սենեակներուն մէջ կը դաստիարակէ շրջանի ժողովուրդին 42 զաւակները: Հակառակ երեք տարուան կեանք մը ունենալուն, արդէն իսկ ունի մինչեւ նախակրթարանի Բ. դասարանը: Այս դպրոցին մէջ կը պաշտօնավարեն 3 ուսուցչուհիներ, որոնցմէ մէկը` Օր. Ազնիւ Կէօքկէօզեան, վարժարանին պատասխանատու տնօրէնուհին է:

Դպրոցին տարեկան պիւտճէն 3000 լիբանանեան ոսկի է, որուն հազիւ 2300 լիբանանեան ոսկին կը գոյանայ կրթաթոշակներէն: Վարժարանին տարեկան բացը կ՛ամբողջանայ Հայ Աւետարանական հաստատութեան կողմէ: Աշակերտութեան  առողջական վիճակը լաւ է: ՀԲԸՄ-ը եւ Գարակէօզեան հիմնարկութիւնը յաճախակի ներարկումներ կ՛ընեն աշակերտներուն: Աւետարանչական հաստատութիւնը կէսօրուան ճաշը կը բաժնէ:

Ինչպէս կը տեսնուի, բոլորովին չքաւոր աշակերտներ են, հաւաքուած յարկի մը տակ, որ տակաւին չէ կրցած ունենալ վարժարանի մը էական պիտոյքները: Գրասեղաններու պակասը զգալի է առաջին հերթին: Շէնքը վարձու է եւ անբաւարար ուսանողներուն:

Հայ աւետարանական վարժարանի ուսուցչուհիներուն հետ մենք ալ կը սպասենք դպրոցական յարմար շէնքի մը շինութեան, որպէսզի օր մը մեր առջեւ ունենանք աւետարանական միւս դպրոցներուն տարողութեամբ վարժարան մը:

Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան

Վարժարանը` որ ունի մինչեւ 4-րդ դասարան, կը գտնուի Տորայի մէջ: Տնօրէնուհին է տիկին Արաքսի Ամպարճեան:

Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը ունի 75 աշակերտներ, որոնք կը դաստիարակուին 2 ուսուցչուհիներով: Աշակերտութեան կրթաթոշակները գրեթէ կ՛ամբողջացնեն վարժարանի պիւտճէն, նկատի առնելով, որ հողը եւ իրարու կցուած քանի մը հիւղերը  իրեն կը պատկանին: Գարակէօզեան հաստատութիւնը յաճախ ներարկումներ կ՛ընէ այս դպրոցի աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ը:

Անշուշտ կարելի չէ մանկապարտէզի մը եւ նախակրթարանի 4 դասարաններէ կազմուած դպրոց մը կառավարել 2 ուսուցչուհիներով: ՀԲԸՄ իր հոգածութեան տակ առած է Տորայի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը: Ժողովուրդը ի հարկէ պահանջկոտ պիտի դառնայ իր զաւակներուն նկատմամբ, որովհետեւ պարզուած իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այդ դպրոցին աշակերտութիւնը չի կրնար հաւասարիլ մեր միւս վարժարաններու աշակերտութեան ուսումնական մակարդակին»:

* * *

«Ազդակ» անդրադարձած է նաեւ Քարանթինայի հայ կեանքին եւ շրջանի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին: 25 դեկտեմբեր 1954-ի թիւով «Ազդակ» կը գրէր.

«Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին խճողեալ դասարանները բաժնելու համար առնուազն վեց առանձին դասարաններու պէտք կայ, որովհետեւ եկեղեցւոյ սրահը իբրեւ մանկապարտէզ ունի բազմաթիւ անպատեհութիւններ:

Բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւնները վարժարանին մէջ կը պահեն 160 սան-սանուհիներ, եւ անոնց դպրոցական վճարումները կը գոյացնեն շատ կարեւոր բաց մը դպրոցի պիւտճէին մէջ:

Միւս կողմէ, վարժարանը կը պահէ կարեւոր թիւով անվճար եւ զեղչեալ գիներով աշակերտներ:

Անոնց պատուակալ բարեսիրութիւնը ստանձնած են վարժարանի ուսուցիչները, զոհելով անհրաժեշտը, ազգասիրական նպատակներով:

Ականջը խօսի մեր ունեւորներուն:

Այժմ շատ հրամայական դարձած է դպրոցական շէնքի մը շինութիւնը: Շնորհալի օր. Լ. Գարակէօզեան առաջին անգամ շրջանս կատարած իր այցելութեան առթիւ ըրած յայտարարութեան համաձայն, դպրոցական շէնքի մը շինութեան համար յատկացուցած է 32,000 տոլար: Շրջանիս մէջ այժմ յարմար հողեր կան, սակայն ուշացումը կրնայ աւելի դժուարութեան մատնել պատասխանատուները:

Եթէ վարժարանը ունենայ իր անուան արժանավայել շէնք մը, կը բարձրանայ նաեւ աշակերտութեան թիւը, ու ասկէ կը ծնին շատ մը բարիքներ:

Վարժարանին առողջապահութեան կ՛օգնեն ՀԲԸՄ-ը բժշկական եւ ատամնաբուժական դարմանումներով:

Հայ Օգնութեան խաչի «Պնակ մը կերակուր»-ը, որմէ կ՛օգտուին 130 չքաւոր աշակերտներ եւ 10 ծերունիներ:

Հաուըրտ Գարակէօզեան դարմանատունը աչքի դարմանում, ասեղի ներարկում ու այլ առողջապահական օգնութիւններ ու նորոգութիւններ:

Պէյրութի քաղաքապետութեան բժիշկ` յարգելի տոքթ. Խ. Երէցեան, յաճախակի այցելութիւններով կը կատարէ օգտակար կարգադրութիւններ ու թելադրութիւններ:

Վարժարանի մասին մեր խօսքը վերջացնելէ առաջ, աւելցնենք, թէ Պատուական Թաղական խորհուրդը յաճախակի դիմումներ կը կատարէ մեր ազգին ազնիւ ու ունեւոր զաւակներուն ու բարեջան ազգային մարմիններուն, դպրոցի հողին գնման արագացումին համար, գոնէ յառաջիկայ տարին նորակառոյց շէնքին մէջ կատարելու համար դասաւանդութիւններ:

Ակումբի Շինութիւն

Օգնութեան խաչի Քարանթինայի ակումբի շինութիւնը սկսած է եւ աշխատանքները փութով առաջ կը տարուին: Թաղի բնակչութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի սրահի շինութեան աշխատանքներուն, սրահ մը, որուն բարիքները պիտի վայելեն բոլորը:

Ակումբի շինութեան կողքին զարկ տրուած է նաեւ այլ շինիչ աշխատանքներու:

Շրջանիս Դանիէլ Վարուժան պատանեկան միութիւնը իր ժրաջան վարիչներուն հսկողութեան տակ, կը կատարէ նոր նուաճումներ: Նոր սերունդին կը ջամբուի հայադրոշմ դաստիարակութիւն:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու խումբը զօրացած է թարմ ուժերով ու հերթական հաւաքոյթներով անոնք կը ստանան իրենց յատուկ անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը: Արծուիկներու աշխատանքները առաջ կը տարուին նախկին թափով:

Օգնութեան խաչի մասնաճիւղը կը շարունակէ իր օգտաշատ գործունէութիւնը, գոհունակութիւն պատճառելով բոլորին:

Գրադարան

Պատանեկան միութեան գրադարանին համար բացուած է նոր շրջան մը: Նկատի ունենալով որ շրջանիս մէջ միակ հաւաքավայրն է ակումբը, բոլորանուէր աշխատանք կատարուեցաւ զայն օժտելու համար արդիական գրադարանով մը: Շինուած է նոր գրադարան մը, արդիական ոճով: Ամէն օր կը հասնին նորանոր գիրքեր, հին եւ նոր հեղինակներէ: Գրադարանը ճոխացնելու գաղափարը տեղ գտած է շրջանիս ընթերցասէր հասարակութեան մօտ:

Անտարակոյս շատ մեծ է օգուտը այսպիսի ճոխ գրադարանի մը շրջանին համար եւ կ՛ուզենք հաւատալ որ ընթերցասէր հասարակութիւնը լաւագոյն չափով պիտի օգտուի անկէ, զարգացնելով միտքն ու սիրտը: Գրադարանի մը հետեւողականութիւն պահանջող գործը ստանձնած է Մուշեղ Սնտրեան եւ զայն կը կատարէ բարեխղճութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES