Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Արի Տուն 2013» Ծրագիրի
Երրորդ Հանգրուանի Բացում
Յուլիս 9-ին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական-երգիծական պետական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրին երրորդ հանգրուանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս հանգրուանի ծրագրին կը մասնակցին 170 պատանիներ` Ռուսիայէն, Ռումանիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Վրաստանէն, Իսրայէլէն, Պիելոռուսիայէն: Մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքով դիմած է նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ շնորհակալական խօսքեր ուղղած է նաեւ մասնակիցներուն ծնողներուն, որոնք անսացած են նախարարութեան կանչին եւ իրենց զաւակները ուղարկած են Հայաստան: «Մենք շատ շնորհակալ ենք նաեւ մեր հիւրընկալ ընտանիքներուն, որոնք 10 օր շարունակ կը հոգան օտար ափերէ հայրենիք եկած պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն», դիտել տուած է ան` աւելցնելով. «Շնորհակալ ենք յատկապէս Արարատի, Արմաւիրի, Կոտայքի մարզպետարաններուն եւ Երեւանի վարչական շրջաններուն, որոնք սիրով իրենց դռները կը բանան մեր մասնակիցներուն առջեւ»: Հ. Յակոբեան նշած է նաեւ, որ մասնակիցներուն համար կազմակերպուած են մայրենիի դասընթացքներ:
Այնուհետեւ մասնակիցները ողջունած են Յ. Պարոնեանի անուան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Երուանդ Ղազանչեանը: Ելոյթներով հանդէս եկած են Վրաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի, Գերմանիոյ ներկայացուցիչները, իսկ մասնակիցներէն ոմանց կողմէ դրսեւորուած` հայրենիքի մէջ մկրտուելու փափաքը անմիջապէս գտած է իր դրական արձագանգը: Սփիւռքի նախարարը առաջարկած է Խոր Վիրապի մէջ կնքել բոլոր փափաքողները:
Ամէնէն Երկար Տոլման
Եօթը Մեթր Ութ Սանթիմեթր Է
«Ոսկէ ծիրան»-ի եւ Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման կազմակերպութեան միջեւ կայացած համագործակցութեան ծիրին մէջ Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցաւ տոլմայի տարեկան փառատօնը: Լաւագոյն համ, լաւագոյն տեսք, լաւագոյն երիտասարդ խոհարար աւանդոյթ դարձած անուանակարգերուն կողքին, այս տարի մրցանակ տրուեցաւ նաեւ ամէնէն երկար տոլմային: Տաղաւարներուն մեծ մասը ուրոյն տեղ տուած էր յատկապէս այս տոլմային: «Կարին» թոնրատան տաղաւարին խոհարարը, նախքան դատական կազմին հասնիլը, յայտնած է, որ որթատունկի տերեւով իրենց տոլմային երկարութիւնը եօթը մեթր է, եւ անիկա չի վաճառուիր, մինչեւ որ դատական կազմը գնահատական տայ: Վերջաւորութեան այդ տոլման նկատուեցաւ ամէնէն երկարը:
Տոլմային համար այս տարի սահմանուած էր խորհրդանշական գին: Իբրեւ կանոն` սակը հարիւր դրամէն աւելի չէր: Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան յայտնած է, որ այսուհետեւ բոլոր փառատօները վճարովի պիտի ըլլան, որովհետեւ նախորդ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ ինչ որ անվճար է, ցաւօք, չի գնահատուիր: Վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Արմաւիրի մարզի որեւէ դպրոցի:
Նշենք, որ փառատօնին զուգահեռ գործադրուեցաւ համերգային ծրագիր, իսկ «Ոսկէ ծիրան»-ին մասնակիցները եւ փառատօնին հիւրերը համտեսեցին բազմատեսակ տոլմաները:
Սկսած Է «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց»
2013-ի Ծրագիրը
Յուլիս 9-ին Ծաղկաձորի երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց» 2013-ի ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէր նաեւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Նախարարը ներկայացուցած ծրագիրը` կարեւոր նկատելով մայրենիի խտացեալ դասընթացքներուն մասնակցութիւնը, ըսաւ. «Աշխարհի բոլոր ծայրերուն մէջ հայու շուրթերէն պէտք է հնչէ հայերէնը: Հայերէն խօսելով պէտք է պահպանենք մայրենին եւ փոխանցենք սերունդներուն»:
«Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրով կը գործադրուին հայոց լեզուի խտացեալ դասընթացքներ, որոնք կը տեւեն 8 յուլիսէն մինչեւ 2 օգոստոս. այդ ծրագիրներն են` սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ` յուլիս 15-օգոստոս 2, սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք՝ յուլիս 22-օգոստոս 2, սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք` յուլիս 22-օգոստոս 2, ազգային երգի եւ պարի դասընթացք` յուլիս 24-օգոստոս 2:
Դասընթացքները պիտի դասաւանդեն հանրապետութեան եւ սփիւռքի յայտնի լեզուաբան-մանկավարժներ: Մայրենիի ուսուցման ընթացքին պիտի կատարուին տեսական-գործնական աշխատանքներ, դասընթացքին հետեւողները տարբեր միջավայրերու մէջ մայրենի լեզուով հաղորդակցուելու կարելիութիւն պիտի ունենան:
2013-ի ծրագիրին կը մասնակցին 210 սփիւռքահայեր` աշխարհի աւելի քան 25 երկիրներէ: Դասընթացքներուն մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակոյթի գործիչներու հետ, քննարկումներ, կլոր սեղաններ եւ այլն:
Երեւանի Պանդոկային Համակարգին Մէջ
Աւելցաւ Թուֆենկեաններու Նոր Համալիրը
Երեւանի պանդոկային համակարգը համալրուեցաւ գեղեցիկ եւ ուրոյն ոճով կահաւորուած «Թուֆենկեան աւանդական Երեւան» համալիրով, որ չորրորդն է` համանուն ծրագիրին շրջագիծին մէջ կառուցուած: «Թուֆենկեան հոսփիթալիթի» ընկերութիւնը 2001-ի օգոստոսէն Հայաստանի մէջ կը գործադրէ Թուֆենկեան աւանդական պանդոկներու ծրագիրը` ի նպաստ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական ոլորտի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման: «Թուֆենկեան հոսփիթալիթի» ընկերութեան նախագահ Ճէյմս Թուֆենկեան նշած է, որ զբօսաշրջիկը Հայաստանի մէջ պէտք է տարբերութիւն եւ իւրայատկութիւն զգայ: Ան խօսած է իր ընկերութեան հիմնադրած պանդոկներուն մատչելիութեան մասին:
Հայաստանի տնտեսութեան փոխնախարար Արա Պետրոսեան խօսած է զբօսաշրջիկներուն համար տեղական շինանիւթով կառուցուած եւ աւանդական ուտելիքներով յագեցած աւանդական պանդոկներու գրաւչութեան մասին: «Մարդիկ գալով տուեալ երկիր, կարծես թէ հաղորդակից կ՛ըլլան այդ երկրի աւանդոյթներուն», ըսած է Ա. Պետրոսեան: Թուֆենկեան այժմ տեղական վաճառանիշ է: Փոխնախարարը համոզում յայտնած է այն մասին, որ Թուֆենկեանը շուտով կը դառնայ տարածաշրջանային եւ միջազգային վաճառանիշ:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ողջունած է պանդոկին կառուցումը` զայն նկատելով զբօսաշրջութեան զարգացման գրաւական: «Ըստ մասնագէտներու գնահատման, զբօսաշրջիկները, երբ կ՛այցելեն Հայաստան, երկուքէն երեք օր կը մնան Երեւան եւ կը շրջին մեր գեղեցիկ քաղաքը», նշած է քաղաքապետը: Տ. Մարգարեան անդրադարձած է Երեւանի մէջ առկայ 50 պանդոկային համալիրներուն, 50 մոթելներուն եւ անոնց թիւը աւելցնելու անհրաժեշտութեան: Քաղաքապետը նշած է, որ ամէն տարի Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը մօտաւորապէս 100 հազարով կ՛աւելնայ, դիտել տալով, որ այս տարի եւս նման ակնկալութիւն կայ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 յուլիսին այցելած է պանդոկ-համալիր: Թուֆենկեաններուն այս նախաձեռնութեան նպատակն է ստեղծել աւանդական պանդոկներու այնպիսի համակարգ, ուր Հայաստանի բնաշխարհը, հազարամեայ հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձրակարգ, միջազգային հիւրանոցային չափանիշները ներդաշնակ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ կը նպաստեն պանդոկներուն յարակից շրջաններու ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային զարգացման:
Ծրագիրին նպատակն է նաեւ օտարներուն Հայաստանը ներկայացնել իր հնագոյն աւանդութեամբ, ճարտարապետութեամբ, արհեստներով, պատմական մշակութային յուշարձաններով, գեղատեսիլ բնութեամբ եւ աւանդական խոհանոցով:
«Թուֆենկեան աւանդական Երեւան» պանդոկ-համալիրի նախագծման աշխատանքներուն մասնակցած են հայ եւ ամերիկացի ճարտարապետներ եւ ձեւագծողներ: Պանդոկին ոճը, ներքին յարդարանքը, կահաւորումը եւ խոհանոցը կը համապատասխանեն Թուֆենկեան ընկերութեան գաղափարախօսութեան` հին աւանդական ոճի պահպանման միջոցով հասնիլ ժամանակակից յարմարաւէտութեան եւ որակի: Պանդոկը կառուցուած է 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարասկիզբին յատուկ երեւանեան ճարտարապետութեան ոգիով` սեւ եւ նարնջագոյն տուֆի համադրմամբ: Պանդոկը բաղկացած է 85 սենեակէ, կրնայ հիւրընկալել 200 հիւր, ունի 60 հոգիի համար նախատեսուած համագումարի դահլիճ: Պանդոկի «Խարբերդ» ճաշարանին մէջ կը մատուցուի արեւմտեան եւ արեւելեան հայկական խոհանոցի ուտելիքներ: Նախատեսուած է մինչեւ 2014 թուական ունենալ լողաւազան, մարզասրահ, սրճարան, յուշանուէրներու եւ գորգերու վաճառքի սրահ:
Կայացաւ Սուրիահայերու
Հիմնական Հարցերը Համակարգող
Միջգերատեսչական Յանձնախումբին Նիստը
Յուլիս 12-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ կայացաւ սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբին հերթական նիստը: Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան անձնակազմի կառավարման վարչութեան նախագահ Գայեանէ Խաչատրեան ներկայացուց Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ իրականացուած` սուրիահայ հաշուապահերու եւ տնտեսագէտներու վերապատրաստման դասընթացքներու ամփոփման արդիւնքները: Զեկուցողը մասնաւորապէս նշեց, որ դասընթացքներուն մասնակցած սուրիահայ երիտասարդները դրամատան կողմէ ստացած են հաւաստագրեր, որոնք կարելիութիւն կ՛ընծայեն անոնց աշխատանք գտնելու:
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան ամփոփեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ «Հայկական քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան իրականացուցած աշխատանքները: Կազմակերպութիւնը պատսպարած է սուրիահայ 87 ընտանիք եւ կը հոգայ անոնց կեցութեան, սնունդին, կրթութեան, աշխատանքին տեղաւորման եւ այլ հարցերը:
«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան յանձնախումբին տեղեկացուցած է «Օգնիր եղբօրդ» հիմնադրամին իրականացուցած ծրագրերուն մասին եւ նշած է, որ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումը նպաստեց սուրիահայերուն աջակցելու գաղափարին շուրջ ազգային համախմբման:
Սուրիահայ երիտասարդներու ամառնային հանգիստի կազմակերպման մասին զեկուցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան նախագահ Լուսինէ Ստեփանեանը: Ան նշեց, որ տարբեր կազմակերպութիւններու եւ գերատեսչութիւններու բարեգործական ներդրումներուն շնորհիւ` Վանաձորի, Գուգարքի եւ Լոռիի մարզերու ճամբարներուն մէջ արդէն հանգստացած են 9-12 տարեկան աւելի քան 200 սուրիահայ պատանիներ եւ 400-ը կը հանգստանան:
Ամփոփելով նիստին մէջ հնչած առաջարկները եւ կարծիքները, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին եւ «Օգնիր եղբօրդ» հիմնադրամին` սուրիահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ աշխուժ աշխատանքին համար: Նախարարը կարեւոր նկատեց արաբախօս սուրիահայերուն լեզուի, կրթութեան, աշխատանքի եւ բնակութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ, սուրիահայերու առնչութեամբ արդէն ընդունուած որոշումներուն ժամկէտներուն երկարացման հարցը:
Քննարկման ընթացքին նշուեցան գերատեսչութիւններու եւ այլ կառոյցներու յառաջիկայ ընելիքները:
Օտարագիր Հայ Գրողներու
Հաւաք Ծաղկաձորի Մէջ
Յուլիս 11-ին Ծաղկաձորի Գրողներու ստեղծագործական տան մէջ սկսաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Օտարագիր հայ գրողներու 5-րդ համաժողով»-ը, որուն մասնակցեցան 71 գրողներ` Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Արցախէն:
Բացման խօսքը արտասանած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը: «2005 թուականէն պարբերական դարձած է այսպիսի համաժողովներու կազմակերպումը: Մենք կը փորձենք առաւել ամրապնդել Հայաստան-սփիւռք միասնական գրական դաշտը: Մեր օտարագիր գրողները թարգմանած եւ տպագրած են հայերէն: Շնորհակալ ենք Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպչական հարցերու մէջ մնայուն աջակցութեան եւ մեր կողքին կանգնելուն համար, որուն իբրեւ արդիւնք` Հայաստան եկած մեր հեղինակներուն թիւը աւելցած է 20 նոր բանաստեղծներով», ըսած է ան:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Կարապետեան կարդացած է նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: «Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան այս միատեղ ծրագիրը կոչուած է նպաստելու օտարագիր հայ գրողներու ներուժին համախմբման, անոնց ստեղծագործութիւններուն ճանաչողութեան ընդլայնման, հայրենիքի հետ հայ գրողներու կապի ամրապնդման», իր խօսքին մէջ նշած է նախարար Հ. Յակոբեան: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով օտարագիր հայ գրողներէն շատերը կը ստեղծեն մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները ներկայացնող գործեր:
Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեանը, փոխանցելով քոնկրեսի նախագահ Արա Աբրահամեանին ողջոյնի խօսքը, կարեւոր նկատած է համաժողովին ընթացքին իրարու ծանօթանալու հանգամանքը: ՀԲԸՄ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արփի Վարդանեանը նշած է, որ դժուար է սփիւռքի մէջ հայ մնալ, եւ այս առումով շատ կարեւոր է օտարագիր գրողներուն դերը սփիւռքի համայնքներուն մէջ` նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման իմաստով:
Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Միացեալ Նահանգներէն անուանի հայ գրող Փիթըր Սուրեանը, Փարիզէն Ճուլիէթ Գրիգորեանը, «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը:
Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութեան մասին զեկոյցով հանդէս եկած է գրող, հրապարակախօս Արտեմ Յարութիւնեանը, իսկ «Միրի» վէպը ներկայացուցած է Փիթըր Սուրեանը:


