ԵՒՐՕ-2012. ՌՈՒՍԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ԴԱՇՏ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ ԿԱՐՄԻՐ ՇԱՊԻԿՈՎ

Ռուսական www.Bobsoccer.ru մարզական կայքէջը կը յայտնէ, որ շաբաթ, 4 յունիսին տեղի ունենալիք Ռուսիա-Հայաստան Եւրօ-2012-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումին, հիւրընկալ կազմը` Ռուսիա, դաշտ պիտի ներկայանայ կարմիր շապիկով:

Ռուսիա երէկ փորձեր կատարեց Մոսկուայի մէջ գտնուող Սթրելցովի անուան մարզադաշտին վրայ: Այդ փորձերը պիտի շարունակուին նաեւ այսօր եւ վաղը առաւօտուն: Յետմիջօրէին, Ռուսիոյ կազմը պիտի մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ:

Share this Article
CATEGORIES