ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ` ՄԻՋՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ուրբաթ, 27 մայիսին իր աւարտին հասաւ լիբանանեան միջհամալսարանական ֆութսալի ախոյեանութիւնը: Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի տղոց խումբը հանդիսացաւ ախոյեան:
Արդարեւ, չորս տարիներ առաջ, լիբանանեան առաջնակարգ ութ համալսարաններու («Էյ. Եու. Պի.», «Էլ. Էյ. Եու.» Պէյրութ եւ Ժիպէյլ, Պալամանտի համալսարան, Քասլիքի համալսարան, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարան, Անթունի Պաապտա համալսարան եւ Հայկազեան համալսարան) մարզական պատասխանատուներ կազմակերպեցին վերոյիշեալ ութ համալսարաններու մարզական զանազան խումբերու միջեւ առաջին մարզական ախոյեանութիւնը, որ կ՛առանձնանայ իր կազմակերպչական բծախնդրութեամբ եւ մակարդակի բարձրութեամբ:
Այս տարի մրցաշարքը թեւակոխեց իր չորրորդ տարեշրջանը:
Հայկազեան համալսարանի տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի եւ տղոց ֆութսալի խումբերը միշտ ալ մասնակցեցան այս ախոյեանութեան:
Սկզբնական համեստ արդիւնքներէ ետք, անցեալ տարի Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի խումբը գրաւեց երրորդ պատուաբեր դիրքը:
Սակայն այս տարի Հայկազեանի տղաքը վճռած էին աւելի մեծ արդիւնքի հասնիլ:
Արդարեւ, խումբի անդամները` Յակոբ Միհրանեան (խմբապետ), Խաչիկ Քերպապեան (բերդապահ), Շանթ Ապու Շամ, Ռազմիկ Գաբրիէլեան, Ժան-Փոլ Գոնճեան, Նարեկ Դաւիթեան, Նարեկ Եագուպեան, Մոհամետ Թապպարա, Արա Կիւտեշեան, Պօղոս Մալեան, Կարէն Մահտեսեան, Ժանօ Պաղպուտարեան, Սեւակ Տեմիրճեան, Գօգօ Տիշչեքենեան եւ Ճորճ Ֆեթուլահեան, մարզիչ Մարուն Խուրիի եւ համալսարանի մարզական պատասխանատու Սահակ Պիտինեանի ջանքերով, անկոտրում վճռակամութեամբ կրցան իրագործել ու նուաճել բացառիկ արդիւնք:
Երկարաշունչ այս ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, բոլոր խումբերը երթուդարձի մրցումներ կատարեցին իրարու դէմ, որմէ ետք չորրորդ հանդիսացող խումբը ճակատեցաւ առաջինին, իսկ երրրոդը` երկրորդին դէմ: Այդ հանգրուանին, Հայկազեանի տղաքը մրցեցան Քասլիքի համալսարանի խումբին դէմ եւ 4-1 ու 7-3 արդիւնքներով կրկնակի յաղթանակ արձանագրելէ ետք, հասան աւարտական հանգրուան` մրցելու «Էյ. Եու. Պի.»ի խումբին դէմ, որ յաղթած էր «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի խումբին:
Աւարտական մրցումի առաջին խաղին (23 մայիս) Հայկազեան պարտուեցաւ 8-4 արդիւնքով` «Էյ. Եու. Պի.»ի դաշտին վրայ: Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցած երկրորդ խաղին (26 մայիս) Հայկազեան յաղթեց 7-6 արդիւնքով: Վճռական երրորդ խաղը տեղի ունեցաւ «Էյ. Եու. Պի.»ի դաշտին վրայ` 27 մայիսին, շուրջ 100 հայկազեանցի եւ բարեկամ այլ ուսանողներու ներկայութեան: Խումբին համակիրները յատուկ խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն ներշնչեցին Հայկազեանի տղոց, որոնք ըրին իրենց ամէն կարելին ու հասան աննախընթաց արդիւնքի: Խաղի հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 3-3, իսկ յաւելեալ ժամանակին հայկազեանցի տղաքը յաջողեցան նշանակել յաղթական կոլը եւ տիրանալ ախոյեանութեան:
Կը շնորհաւորենք Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի խումբի տղաքը, համալսարանի պատասխանատուները եւ բոլոր քաջալերողները` յատկանշական այս իրագործումին համար: