ՔԱՐԹԻՆԿ-ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՐԱՅՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐՐՈՐԴ

Հրայր Խաչատուրեան

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, շաբաթ, 28 մայիսին, «Փիթ սթափ»ի վազքուղիին վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները` երեք դասակարգերու մէջ. 12-14 տարեկան, 9-11 տարեկան եւ 7-8 տարեկան:

12-14 տարեկան դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Փաթրիք Նըժէյմ (16′ 45” 03), 9-11 տարեկանի մրցումներուն` Սթեֆան Մոնարշա (17′ 15” 95), իսկ 7-8 տարեկան դասակարգին մէջ` Քեւին Քանաան (15′ 50” 74): Վերջին դասակարգին մէջ երրորդ հանդիսացաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Հրայր Խաչատուրեան, որ արձանագրեց 16′ 01” 69 արդիւնք մը:

Խաչատուրեանի արձանագրած այս արդիւնքը կը նկատուի բաւական գոհացուցիչ` նկատի ունենալով, որ ան իր ինքնաշարժին տիրապետելու բացառիկ յատկութիւններ ունի եւ ապագային յոյս ունի գերազանցելու իր երկու քեռիները` Րաֆֆի եւ Շանթ Էթիեմեզեան եղբայրները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

Share this Article
CATEGORIES