ԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿ ԴԱՏ ԲԱՆԱԼՈՒ, ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ` ՀԱՄԱՁԱՅՆԵԼՈՒ

Դժբախտաբար, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի եւ յուշահամալիրի (AGM&M) ստեղծման վեհ եւ սուրբ գաղափարը Ուաշինկթընի մէջ հասաւ դատարանին դռները: Սակայն, հակառակ ժողովուրդին մէջ տարածուած կարծիքին, խնդիրը պարզապէս երկու հարուստ անձերու` Ճերարտ Գաֆեսճեանի եւ Հրայր Յովնանեանի միջեւ հակամարտութիւն չէր, ոչ ալ սոսկ տարաձայնութիւն` ծրագիրի չափին ու ծաւալին շուրջ: Իսկական վէճը յառաջացաւ, երբ Հայկական համագումարին առաջնորդները փորձեցին իրենց ձեռքը առնել «Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ նուիրաբերուած բազմամիլիոն տոլար արժող թանգարանային շէնքերուն վերահսկողութիւնը եւ զրկել Գաֆեսճեանը` իբրեւ «AGM&M» բարեգործական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, որեւէ որոշում կայացնելու լիազօրութենէն:

Երկարատեւ դատավարութենէ ետք, դաշնակցային դատաւոր Քոլին Քոլար-Քոթելի, 26 յունուար 2011-ին կայացուց վճիռ մը, թէ թանգարանային շէնքերը պէտք է վերադարձուին «Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամին: Ան ուժի մէջ ձգեց 1 նոյեմբեր 2003-ին Ամերիկայի Հայկական համագումարին կողմէ ստորագրուած դրամաշնորհային համաձայնագիրով սահմանուած «վերադարձման դրոյթը», որով կը նախատեսուի, որ «Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշահամալիր ստեղծելու նպատակով համագումարին նուիրաբերուած շէնքերը պիտի վերադարձուին «Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամին, եթէ համագումարը չյաջողի աւարտին հասցնել թանգարանին ստեղծումը մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2010: Այդ պարտաւորութիւնը հետագային փոխանցուեցաւ «AGM&M» կազմակերպութեան:

Ի պատասխան համագումարին կողմէ ներկայացուած` 26 յունուար 2011-ի վճիռը բողոքարկող նոր հայցին, դատաւոր Քոլար-Քոթելի 9 մայիս 2011-ին կայացուց վերջնական որոշում մը` հրահանգելով, որ համագումարը «Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամին փոխանցէ թանգարանի շէնքերուն սեփականութիւնը, ոչ ուշ քան 23 մայիս 2011-ը: Ան մերժեց համագումարին` դատը վերստին սկսելու պահանջը: Ան նաեւ խնդրեց դատաւորի օգնականէն, որ իրեն ներկայացնէ «AGM&M»ի կողմէ փոխհատուցման ենթակայ` Գաֆեսճեանի իրաւաբանական ծախսերուն ճշգրիտ գումարը:

«Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամը վստահաբար գոհ է կայացուած վճիռէն, իսկ համագումարը հաւանաբար կը քննարկէ իր իրաւական տարբերակները: Սակայն, հաշուի առնելով «Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամի օգտին դատաւորին վերջին երկու վճիռները` լրացուցիչ դատավարութիւնները կամ բողոքարկումները ո՛չ կը բխին համագումարին, ո՛չ ալ ամերիկահայ համայնքի շահերէն: Ժամանակն է վերջ դնելու դատական քաշքշուկներուն եւ կեդրոնանալու գլխաւոր նպատակին վրայ` կառուցել Ցեղասպանութեան թանգարանը:

«Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամի նախագահ Ճերարտ Գաֆեսճեանը ճիշդ որոշում կայացուց` յայտարարելով, որ «դատարանի եզրափակիչ վճիռը մեզի ազատութիւն կու տայ, որպէսզի կառուցենք Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան եւ շարունակուող հետեւանքներուն մասին վկայող` երկար ատենէ սպասուած այս թանգարանը եւ յուշահամալիրը»:

«Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ Ռոս Վարթեան խոստացաւ, որ «Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամը վերսկսի թանգարանին ծրագիրին` «շահագրգիռ ԲՈԼՈՐ կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն մասնակցութեամբ»: «Ամերիկայի Ձայն»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, Վարթեան յստակացուց, որ «Գաֆեսճեան» հիմնադրամը կ՛ողջունէ Հայկական համագումարին մասնակցութիւնը համա համայնքային նման կազմին:

Ասիկա չափազանց խելամիտ մօտեցում է: Ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ կ՛ըսուի. «Ամէն ինչ ունի իր եղանակը… կայ ժամանակ քանդելու եւ ժամանակ` կառուցելու… կայ պատերազմի ժամանակ եւ խաղաղութեան ժամանակ»: Այս պարագային, կարելի է աւելցնել` կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ` համաձայնելու:

Մէկ տասնամեակ առաջ, երբ Հայկական համագումարի խորհուրդի նիստին, առաջին անգամ կը քննարկուէր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գաղափարը, նախքան որեւէ ներքին վէճերու ի յայտ գալը, կազմակերպիչները հարցուցին իմ կարծիքս իրենց նախաձեռնութեան մասին: Ես անոնց առաջարկեցի հրաւիրել ամերիկահայ գլխաւոր կազմակերպութիւնները մասնակցելու այս համահամայնքային ջանքերուն` դրամահաւաքը եւ համահայկական այս ծրագիրի գործադրումը վերահսկելու ուղղութեամբ: Այն ժամանակ, ցաւօք, իմ խորհուրդս միաձայնութեամբ մերժուեցաւ:

«Գաֆեսճեան ընտանիք» հիմնադրամը ներկայիս կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ` հրաւիրելով ամերիկահայ գլխաւոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ` Հայկական համագումարը, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար կարկառուն դէմքերը, համախմբուելու եւ կեանքի կոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ու յուշահամալիրի ստեղծման` երկար ժամանակէ ի վեր ձգձգուած շնորհալի այս ծրագիրը, մինչեւ 24 ապրիլ 2015-ը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Այս վեհ նպատակը չորս տարուան ընթացքին իրագործելու համար, ամէն ոք պէտք է մէկ կողմ դնէ այլ նկատառումներ եւ կեդրոնանայ այս հսկայական ծրագիրի իրագործման վրայ: Ներքին հայկական մանր-մունր վէճերը միայն թուրքերուն առիթ կու տան ծաղրուծանակի ենթարկելու հայերն ու անոնց սուրբ Դատը: Դատավարութիւններու եւ բողոքարկումներու վրայ աւելորդ ժամանակ եւ դրամ վատնելու փոխարէն, դրամական միջոցներն ու ուժերը պէտք է ուղղուին աւելի քան 100 միլիոն տոլար արժող այս կարեւոր համալիրի ստեղծման:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի սիրտը` Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս անդին, պիտի ըլլայ 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն նուիրուած յիշատակարան եւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու աննկուն ոգիի յարգանքի տուրքը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES