ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 3500 ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՍԻՐՈՒԱԾ ԵՒ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԵՐԳԻՉ ՅԱՐՈՒԹ ՓԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՒ ՃՈԽ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 31 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ սիրուած եւ հանրածանօթ երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի խանդավառ եւ ճոխ երգահանդէսը` ներկայութեամբ աւելի քան 3500 հայորդիներու:
Երգահանդէսին սկզբնաւորութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ երգահանդէսը կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան տօնին, երբ հաւաքական ջանքերով կերտուեցաւ ազատ հայրենիքը` Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը: Տեմիրճեան հաստատեց, որ այնքան ատեն որ հայ պատանիներն ու երիտասարդները կ՛երգեն հայերէն, կը պարեն հայկական պարերը, կը նուագեն հայկական ժողովրդային գործիքները, եւ ամէնէն կարեւորը` կը խօսին հայերէն, ապա հայութեան ապագան վտանգուած չէ եւ պահանջատիրութեան երթը պիտի շարունակուի:
Ապա բեմ բարձրացաւ Յարութ Փամպուքճեան, որ երգահանդէսին սկսաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգի կատարումով, որմէ ետք ան շուրջ երկուքուկէս ժամուան ընթացքին երգեց ժողովրդային եւ ազգային-յեղափոխական երգեր` արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն:
Փամպուքճեանի երգերուն հանդիսատեսները երգեցողութեամբ եւ շուրջպարերով բերին իրենց մասնակցութիւնը` ստեղծելով հայկական առողջ եւ գնահատելի մթնոլորտ: Փամպուքճեան երգեց «Անգին եղբայր», «Հեռացած ընկերներ», «Հայի աչեր», «Ո՞ւր էիր Աստուած», «Արդեօք ովքեր են», «Երեւանի գիշերներում» եւ շարք մը այլ երգեր: Երգահանդէսին ընթացքին Յարութ Փամպուքճեան մեծապէս գնահատեց լիբանանահայութեան ազգային եւ հայրենասիրական ոգին` շեշտելով, որ այս մթնոլորտը պէտք է տարածուի ամէնուրեք:
Երգահանդէսը փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ»ի երգեցողութեամբ եւ հրավառութեամբ: