ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՀԱԿԱԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՑՈՅՑԵՐ
Մինչ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը քննարկէ Իսրայէլէն իր դեսպանը տուն կանչելու հարցը, շուրջ երեսուն հազար ցուցարարներ Պոլսոյ մէջ հակաիսրայէլեան ցոյց մը կատարեցին` նշելու համար անցեալ տարուան 31 մայիսին դէպի Կազա նաւարկող Խաղաղութեան նաւատորմիղին մաս կազմող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին յիշատակը, որուն պատճառով 9 թուրք սպաննուած էր:
Ցոյցին մասնակիցները մոմեր վառած են եւ պաղեստինեան դրօշակներ պարզած: Հանրահաւաքի կազմակերպիչ եւ «Մաւի Մարմարա»ի սեփականատէր իսլամական մարդասիրական կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ յունիսի վերջաւորութեան նոր նաւատորմիղ մը Կազա պիտի ուղարկէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ ժողովրդավար կառավարութիւնները չեն կրնար խոչընդոտել իրենց քաղաքացիներուն այդպիսի նախաձեռնութիւնը: Ան այդպիսով կը պատասխանէր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, որ միջերկրականեան պետութիւններուն կոչ ուղղած էր` նոր նաւատորմիղներու կազմաւորման արգելք հանդիսանալու: