«Խեղճ Մայրը» Խորագիրով Թատրերգութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութեան, կիրակի, 7 յուլիս 2013, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւետիք Իսահակեանի «Խեղճ մայրը» խորագիրով թատրերգութիւն մը` բեմադրութեամբ Յարութ Հարպոյեանի:

«Ով հայոց մայրեր, հայոց մայրեր,
Խոնարհում եմ ես ձեր առաջ,
Ու գալիս եմ անձայն ծունկի
Եւ աղօթում եմ երկնայառած»:

Մեղրածորաց այս խօսքերով աշխարհի համայն հայ մայրերը այդ գիշեր արժանացան մեծարանքի, արժեւորումի: Այդ գիշեր հայ մայրը եղաւ պատգամախօսն ու առաքեալը Յիսուս Քրիստոսի` սոյն թատրոնին ընդմէջէն:

Երբ թատերասրահ հասայ, յոյս ունէի լաւ տեղ մը ընտրելու եւ նստելու: Սակայն, հակառակ անոր որ ժամանակէն շատ առաջ հասած էի, զարմանքս մեծ եղաւ, երբ տեսայ, որ բոլոր աթոռները գրաւուած էին: Առաջին տպաւորութիւնս այն եղաւ, թէ կարծէք Ծաղկազարդի առիթ մը կար. ապա որոշեցի թատերասրահին վերնայարկը բարձրանալ` տեղ մը ապահովելու յոյսով. ի վերջոյ կարողացայ աթոռ մը գտնել: Այս երեւոյթը արդէն իսկ ինքնին կը յուշէր ձեռնարկին յաջողութեան մասին:

Անհամբեր եմ, կը սպասեմ վարագոյրին բացուելուն. յանկարծ սրահին զանգի ազդանշանին վրայ լռութիւն տիրեց, եւ բացման խօսքով Մարալ Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2013 տարին «Հայ մօր տարի» հռչակման եւ գրութիւններէ մէջբերումներ կատարեց հայ մօր մասին:

Ապա բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեան հակիրճ ձեւով բացատրեց այս ներկայացումին նպատակն ու պատգամը:

Ցուցադրուեցաւ Հայ եկեղեցասէր միութեան ծագումին եւ անոր տարած գործունէութիւններուն մասին տեսերիզ մը:

Աւետիք Իսահակեանի «Խեղճ մայրը» արտասանեց Մարինա Սվագճեան` սրինգի ընկերակցութեամբ Կարօ Սվագճեանի: Խորհրդաւոր տեսարանին մէջ թատրերգութիւնը սկսաւ անմեղ մօր մը իր գիշերային աղօթքով: Պերճախօս այս պատկերը պահ մը ինծի յիշեցուց իմ մանկութեանս օրերը, երբ մեր տան մէջ մեծ մայրս անդադար կ՛աղօթէր եւ օրհնութիւն կը հայցէր Աստուծմէ:

«Առաւօտ լուսոյ»-ի անուշ եղանակին հնչումով թատրերգութիւնը ընթացք առաւ. շատ գեղեցիկ եւ մեր ժամանակակից նիւթերով հարցերը բացուեցան մեր առջեւ: Պահ մը խորհեցայ, թէ իմ տանս մէջ է, որ կը կատարուի այս թատրոնը, չըսելու համար, թէ իմ տանս մէջ եղած հարցերն են, որ բեմին վրայ կը ներկայացուին:

Աւետիք Իսահակեան «Խեղճ մայրը» քերթուածը կ՛աւարտէ, մինչեւ տղան իր մայրը կը տանի անտառի մը մէջ եւ վերջ:

Յարութ Հարպոյեան իր երեւակայութեամբ կը շարունակէ նիւթը` անոր մէջ դնելով կրօնաբարոյական, դաստիարակիչ եւ պատմախօս խորհուրդներ: Յարութ Հարպոյեանին բերնով իմացանք, թէ բեմին վրայ խաղացողները դերասաններ չեն, այլ` դերակատարներ. իմ զարմանքս մեծ եղաւ` անոնց մէջ նշմարելով դերասանական մակարդակ: Օրինակի համար, հարսը` Վիքին, ամբողջ թատերախաղին առանցքը եղաւ իր ճկուն եւ արհեստավարժ խաղարկութեամբ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ դերակատար արդարացուց իրեն վստահուած դերը: Կարոն` Վիքիին ամուսինը, հակառակ իր թափած ջանքերուն, ծանր որոշումը տուաւ մայրը տանիլ տունէն` Վիքիին գոհացնելու պարտադրանքի տակ: Մարալը, որ ներկայացուց նիւթին մէջ որպէս սուրճի գաւաթ կարդացող, հակառակ իր նկարագիրին, ան եւս արդարացուց իր դերը. Մարիանան ներկայացաւ որպէս աշխարհիկ, տգէտի եւ ծիծաղելիի դերին մէջ: Ռիթան եւ Մարոն ներկայացան որպէս հոգեւոր տիպարներ, որոնց առաքելութիւնն է եկեղեցիէն զրկուած անձերու այցելութիւններ տալ եւ անոնց ծարաւ հոգիները յագեցնել:

Ընտանիքին երկու փոքրիկները` Արփին եւ Ճոն, այնպէս մը ներկայացան, կարծէք թէ իրենց բնական առօրեան կատարեցին: Տան մեծ մայրիկը, որ «խեղճ մօր» դերը ստանձնած էր, Մակին, ուղղակի վայելցուց մանաւանդ իր անմեղ դերին մէջ:

Լորի Քէշիշեան նիւթին վերաբերող երկու երգերով մասնակցութիւն բերաւ: Հակառակ իր փոքր տարիքին, լեցուն ձայնով թնդացուց սրահը` «Իմ անուշ մայրիկ» եւ «Երազ» երգերը մեկնաբանելով:

Արփի Արթինեան եւ Յովսէփ Արթինեան առաջին արարի աւարտին զուգերգ մը կատարեցին:

Յովիկը անմասն չմնաց այս թատրոնին մէջ` ստանձնելու դերը «տելիվըրի» ընողին:

Եւ վերջապէս հասաւ ամէնէն ազդեցիկ պահը, երբ Յիսուս երկինքէն կը խօսէր մերթ ընդ մերթ, ապա երկխօսութիւն մը ունեցան Յիսուսը եւ Վիքին, որ ի վերջոյ անգութ հարսին գութը շարժեց: Յիսուս զայն ապաշխարութեան կանչեց եւ դարձի բերաւ: Տպաւորիչ էր այն տեսարանը, երբ Յիսուսը յայտնուեցաւ հովանաւորելու համար ի խնդիր ընտանիքին վերամիանալուն:

Փառաբանական երգով բոլոր դերակատարները բեմ բարձրացան լսելու համար Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի փակման խօսքը:

Անոր պահպանիչէն առաջ բոլորին համար անակնկալ մը եղաւ, երբ Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութեան անունով «Հայ մօր տարուան» առթիւ բեմ հրաւիրուեցաւ Լուսին Մուսքոֆեանը, որուն յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը` իբրեւ արտայայտութիւն սիրոյ եւ յարգանքի, որպէս տիպար հայ մայր:

Վարձքը կատար բոլոր դերակատարներուն, ի մասնաւորի բեմադրող Յարութ Հարպոյեանին, թող Աստուած իր առատ օրհնութիւններով օժտէ եւ ձեր բոլոր աստուածահաճոյ ծրագիրներուն համար յաջողութիւն պարգեւէ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES