Գրիգոր Մելիքսէթեան Հանդէս Պիտի Գայ Արարատէն
Իր լուրը քաղելով Արարատ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի կատարած մէկ յայտարարութենէն` armsport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան նոր տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ խումբին հետ:
26 տարեկան Մելիքսէթեան, որ առանց ակումբի էր, նախորդ ձմրան պիտի տեղափոխուէր Գանձասար:
Ան նախապէս հանդէս եկած է Փիւնիկ Երեւանի, Իմփուլսի, ինչպէս նաեւ իրանեան քանի մը ակումբներու հետ:
CATEGORIES Մարզական

