Էտկար Մալաքեան Վերադարձաւ Վիքթորիա Փլզեն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Մալաքեան սկզբունքով 2013-2014 տարեշրջանը պիտի սկսէր Չեխիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան հետ` փոխ տրուելով նոր բարձրագոյն դասակարգ բարձրացած Զնոյմոյի:

Սակայն, իր լուրը քաղելով վերջինիս պաշտօնական կայքէջէն, ArmSport.am կը յայտնէ, որ Մալաքեան վերադարձաւ Վիքթորիա Փլզեն, որուն կը պատկանի անոր ստորագրութիւնը:

Ան մինչեւ յուլիս 2015 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Փլզենի հետ:

Share this Article
CATEGORIES