Մոռնինկսթար Մտահոգուած Է Ազրպէյճանի Մէջ «Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանի Եթերին Վրայ Արձանագրուող Արհեստական Խանգարումներէն
Contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի տարածքին «Ազատ Եւրոպա-Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան հաղորդումներուն ժամանակ արձանագրուող խանգարումներուն առնչութեամբ:
Դեսպանը «Ազատ Եւրոպա-Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայան» ընկերութեան ղեկավար Քեւին Քլոզի հետ այցելած է կայանի Պաքուի գրասենեակ եւ քննարկած խանգարումներուն հաւանական պատճառները:
Շաբաթներ առաջ «Ազատ Եւրոպա-Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուէր, որ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի տարածքին մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի` արբանեակներու միջոցով հեռարձակուող հաղորդումներուն ժամանակ արհեստական խանգարումներ կը ստեղծուին:
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտարարեց, որ հեռարձակումներուն ժամանակ արձանագրուող խանգարումներու հարցը ինք քննարկած է նաեւ ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ անոնց յորդորած է զանոնք վերացնելու համար քայլերու ձեռնարկել:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը խիստ կը մտահոգէ ձայնասփիւռի կայանին գործունէութեան ժամանակ արձանագրուող խանգարումները: Կառավարութեան ներկայացուցիչները արդէն կապ հաստատած են «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ` իրավիճակը յստակացնելու համար: Ձայնասփիւռի կայանի աշխատակիցներու տեղեկութիւններուն համաձայն, այս տարուան ապրիլէն սկսեալ հեռարձակումներու ժամանակ խոչընդոտներ կը յառաջանան», նշած է ամերիկացի դիւանագէտը:
«Ես այդ հարցը քննարկած եմ նաեւ Ազրպէյճանի կառավարութեան անդամներուն հետ եւ օգնութիւն խնդրած եմ հարցը լուծելու համար: Ընտրութիւններու տարուան մէջ (հոկտեմբերին Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ նախատեսուած են. «Ա.») չափազանց կարեւոր է, որ կառավարութիւնը ամէն ձեւով օժանդակէ` քաղաքացիներուն ազատ տեղեկատուութիւն ապահովելու հարցին մէջ»:
Contact.az նաեւ կը հաղորդէ, որ կիրակի օր Պաքուի մէջ դարձեալ գործիչներ ձերբակալուած են: Ձերբակալուած են երեք անձեր` «Ազատ երիտասարդութիւն» հասարակական կազմակերպութեան անդամներ Ուլվի Հասանլի եւ Մեճիտ Մարճանլի, ինչպէս նաեւ երիտասարդական-քաղաքացիական ՆԻՏԱ շարժումի անդամ Քիանան Կասիմլին, որոնց մեղադրանք ներկայացուած է Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 310.1 յօդուածին հիմամբ (իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներուն չենթարկուիլ):
Պաքուի դատարանը երկուշաբթի օր զանոնք դատապարտած է 15 օր բանտարկութեան: Անոնց փաստաբաններուն չեն արտօնած իրենց պաշտպանեալներուն հետ հանդիպում ունենալ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները չեն բացառեր, որ ձերբակալութիւնները կապուած են վերջին օրերուն Պաքուի մէջ յայտնուած հակակառավարական թռուցիկներու հետ. 10 յուլիսին Պաքուի տարբեր անկիւններուն մէջ փակցուած էին «Իշխանութեան աղբիւրը դուն ես», «Մի՛ վախնար իշխանութիւններէն», «Բողոքէ՛ իշխանութեան դէմ», «Փոխէ՛ իշխանութիւն» գրութեամբ պաստառներ:
Կ՛ենթադրուի, որ անոնք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ տարածուած են երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամներու կողմէ:
Յիշեցնենք, որ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը վերջին շրջանին քանի մը անգամ Պաքուին յորդորած են յարգել մարդու իրաւունքները եւ դադրեցնել բռնաճնշումները ընդդիմադիր գործիչներուն նկատմամբ:


