«Ազդակ» Հասանելի Կը Դառնայ Հանրային Գրադարանի Ընթերցողներուն

«Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան միջոցով Պէյրութ-Երեւան թռիչքներու հաստատման հետ «Ազդակ» շաբաթական երկու անգամուան դրութեամբ արդէն իսկ կը հասնի Երեւան:

«Ազդակ»-ի թիւերը արդէն կը դրուին նաեւ Հանրային գրադարանի ընթերցասրահին մէջ: Այսպիսով, Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբէն բացի, «Ազդակ» հասանելի կը դառնայ նաեւ Հայաստանի մեծագոյն գրադարանին` Հանրային գրադարանին մէջ, որ օրական 300 այցելու կ՛ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES