Եւրոպական Բաժակի Մրցաշարքեր. Այսօր` Շիրակ – Փարթիզան Պելկրատ. Վաղը` Զալկիրիս Վիլնիուս – Փիւնիկ
Այսօր եւ վաղը հայկական երկու խումբեր մրցում ունին կատարելիք եւրոպական բաժակի մրցաշարքերուն ծիրին մէջ:
Շիրակ Գիւմրի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր պիտի հիւրընկալէ Պարթիզան Պելկրատը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուած է Լիպոր Քովարժիք (Չեխիա):
Ինչ կը վերաբերի «Եուրոփա-լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն, վաղը Փիւնիկ Երեւան հիւրը պիտի ըլլայ Զալկիրիս Վիլնիուսի:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:10-ին, իսկ իրաւարարները պիտի ըլլան Իսրայէլէն` գլխաւորութեամբ Մանեշ Մասիախի:
CATEGORIES Մարզական

