Ըստ Սուրիական Ազատ Բանակէն Ղեկավարի Մը. Քայիտա Մտադիր Է Ֆիթրի Տօնին Առաջին Օրը Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Իսլամական Պետութեան Մը Հաստատումը Յայտարարել
Սուրիական ազատ բանակին մէջ ականաւոր ղեկավար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենց մօտ գոյութիւն ունին հաւաստի տեղեկութիւններ, թէ Սուրիական ազատ բանակը պարտութեան մատնելէ եւ Թուրքիոյ հետ սահմանային անցքերուն տիրելէ ետք, Քայիտան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իսլամական պետութիւն մը յայտարարելու մօտ է:
Այդ յայտարարութիւնը կատարելու համար ժամկէտ ճշդուած է Ֆիթրի տօնին առաջին օրը, եւ Թուրքիոյ հետ Հաուա եւ Հարեմ սահմանային անցքերը պիտի ըլլան գլխաւոր թիրախները, առաջինը` զէնք ու զինամթերքի աղբիւրներուն վրայ ձեռք դնելու համար, իսկ երկրորդը` քարիւղի մաքսանենգումէն գոյացած դրամին:
Աղբիւրը «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնած է, որ այդ ծրագիրին գործադրումին սկսած է մէկ շաբաթ առաջ Սուրիական ազատ բանակի ղեկավարներէն Ֆատի Քաշն ու անոր եղբայրը Տանա գիւղին մէջ մորթելով, ապա Բարձրագոյն հրամանատարութեան խորհուրդի հանրածանօթ անդամներէն Քամալ Համամիի ահաբեկումով` նշելով, որ Սուրիական ազատ բանակի սպաներուն եւ կարեւոր անձնաւորութեանց դէմ շղթայազերծուած ահաբեկումներու բացայայտ արշաւը պիտի շարունակուի:
Աղբիւրը վստահեցուց, որ Սուրիական բանակը այս ծրագիրը բացայայտելէ եւ սեղմ ու վստահելի շրջանակի մէջ հրապարակելէ ետք, աշխատանք պիտի տանի կանխարգիլել բացումը որեւէ նոր ճակատի, որ վարչակարգին հետ ճակատումի մէջ եղող ընդդիմադիր ուժերուն դիրքը պիտի տկարացնէ:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար զօր. Սալիմ Իտրիս օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը մեղադրած է դաւաճանութեան համար, որովհետեւ վերջինս հրաժարած է սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու մտադրութենէն:
Ըստ Իտրիսի, «Քամերոնի որոշումին իբրեւ արդիւնք իրենք մինակ պիտի մնան եւ պիտի սպաննուին նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն կողմէ»: Ան ընդգծած է, որ այն պարագային Քայիտա ահաբեկչական խմբաւորման ներկայացուցիչները գերիշխող դիրքեր պիտի գրաւեն ընդդիմութեան շարքերուն մէջ:
«Արեւմուտքը միայն ու միայն խոստումներ կու տայ. ասիկա արդէն կատակի վերածուած է: Քամերոն մեզի մինակ ձգած է: Պիտի ուզեմ սուրիացիներուն անունով «շնորհակալութիւն» յայտնել անոր», ըսած է Իտրիս:
Ընդդիմադիր ղեկավարը շեշտած է, որ մինչ «Արեւմուտքը կը յապաղի, Իրանն ու Հըզպալլան սուրիացիները կը սպաննեն»: Իտրիս մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, որ իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումները իրենց վերահսկողութեան տակ կ՛առնեն ընդդիմադիրները, ինչ որ անշուշտ չի բխիր Բրիտանիոյ շահերէն:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ երէկ յայտարարեց, որ Բրիտանիա Սուրիոյ ընդդիմութեան քիմիական զէնքերէն պաշտպանող սարքեր պիտի տայ:

