Սնոուտըն Ռուսիայէն Պաշտօնապէս Ժամանակաւոր Ապաստան Խնդրած Է

Vesomosti.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտըն 16 յուլիսին պաշտօնական խնդրագիր յղած է Ռուսիոյ գաղթի ծառայութեան` ժամանակաւոր ապաստան խնդրելով այդ երկրին մէջ:

Ամերիկացիին համապատասխան փաստաթուղթերը լրացնելու օգնած է դատապաշտպան Անաթոլի Քուչերենա:

«Ռաշա Թուտէյ» իր կարգին կը յայտնէ, որ յառաջիկայ օրերը Սնոուտըն պիտի անցընէ կա՛մ «Շերեմեթեւօ» օդակայանի տարանցիկ գօտիին մէջ, կա՛մ ալ ժամանակաւոր տեղաւորման կեդրոնին մէջ:

Սնոուտըն 23 յունիսէն ի վեր կը գտնուի Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES