Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ նախարարական պատասխանատուութիւնը մէկու մը կողմէ շնորհուած «պարգեւ» մը չէ եւ նախարարութիւններուն այս կամ այն քաղաքական ուժերուն բաշխումը ոչ ոքի պարտականութիւնն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապատի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ  իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան ամրապնդումը խիստ անհրաժեշտ է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդարանի լիագումարին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկեն` հասնելու համար իրենց պահանջած կառավարութեան կազմին:

ՊՔԵՐՔԷ լուրջ ջանքեր ի գործ կը դնէ մարոնի համայնքի չորս ղեկավարներուն` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպում մը գոյացնելու համար:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ 14 յուլիսի Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութիւնը պէտք է վերջ գտնէ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ հարաւային արուարձաններու «Ապիատ» փողոցին վրայ գտնուող մզկիթին մօտ վնասազերծուած է ական մը` կիրակիէն երկուշաբթի առաւօտ լուսցող գիշերուան ընթացքին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հերքեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն վերաբերող հաղորդագրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օգտագործելու համար ժողովրդավարութեամբ սահմանուած իր իրաւասութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի լիագումար նիստին պիտի մասնակցին, եթէ անոր քննարկելիք օրակարգը փոփոխութեան ենթարկուի կամ երկրին կառավարութիւնը կազմուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ կայ քաղաքական ուժ մը, որ կ՛անդամալուծէ քաղաքական կեանքը, ինչ որ կ՛ուղղէ Լիբանանի ապահովական անդամալուծութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի անձին նկատմամբ իրենք յարգանք ունին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարը օրինական է, սակայն իրենք քննարկուելիք օրակարգին հետ հարց ունին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի լիբանանեան պետութիւնը իր բաղադրիչներէն պարպել, որպէսզի զայն իր հակակշիռին տակ առնէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES