Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Դարձեալ Բողոքի Նստացոյց Մը Կը Կատարեն

Լուսանկարը` ՍԱԳՕ ՊԵՔԱՐԵԱՆի

Ելեկտրական ընկերութեան սարակները երէկ դարձեալ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին:

Անոնք հրկիզուող անիւներով փակեցին Քոռնիշ Նահըրի ճամբան` ճիշդ այն պահուն, երբ որոշուած էր խորհրդարանի լիագումար նիստը գումարել:

Իմանալէ ետք, որ խորհրդարանին նիստը յետաձգուած է 29 յուլիսին, սարակները յայտնեցին, որ իրենց կատարելիք յաջորդ նստացոյցը, որ կրնայ նաեւ մագլցողական քայլերու վերածուիլ, տեղի պիտի ունենայ նոյն թուականին, այսինքն` 29 յուլիսին:

Սարակները յայտնեցին, որ իրենց պահանջը ամէնէն դիւրաւ իրագործուելիք պահանջն է ընկերային, տնտեսական, քաղաքական թէ ապահովական առումով:

Անոնք հաստատեցին, որ իրենք իրենց իրաւունքները անկոտրում կամքով պիտի շարունակեն պահանջել, մինչեւ որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան հաստատ պաշտօնեաներու վերածուին` նկատի ունենալով, որ իրենք այդ ընկերութեան մէջ 16-20 տարուան աշխատանք ունեցած են:

Share this Article
CATEGORIES