Շարպել Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց Շարպելի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պիր Ապըտի պայթումին վայրը անոր կատարած զօրակցական այցելութեան համար:

Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը դատապարտեց նախարարին այցելութեան ընթացքին կարգ մը քաղաքացիներու սխալ վարմունքը:

Share this Article
CATEGORIES