Վ. Սապունճեանի Ջանքերով. Պէյրութի Նաւահանգիստին Եւ Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Միութեան Միջեւ Գժտութիւնը Բեկանող Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն
Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քըրայթեմ եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան ընդհանուր տնօրէն Սաատէտտին Աուայնի երէկ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ բեկանեց 12 տարի առաջ նաւահանգիստին մէջ գտնուող կառոյցի մը Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան յանձնելու մասին ստեղծուած գժտութիւնը:
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի հովանաւորութեամբ եւ ջանքերով ստորագրուած այս համաձայնագիրին իբրեւ արդիւնք Պէյրութի նաւահանգիստը պիտի ստանձնէ կառոյցը, իսկ անոր պարունակած իրերը` Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ յարուցուած դատական բոլոր հարցերը պիտի ջնջուին:
Այս բոլորին կողքին, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստին վճարեց 50 հազար տոլարի գումար մը` իբրեւ նախորդ տարիներու վարձք:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր է ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն համար հիմնել նոր եւ արդի կեդրոն մը, որ լայն ծառայութիւններ կը տրամադրէ, ինչպէս` ցուցասրահներ, խորհրդաժողովի սրահներ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութեան եւ վարժողական ծրագիրներու յատուկ սրահներ:


