Զօր. Աուն. «Ըստ Երեւոյթին Կառավարութիւն Պիտի Չկազմուի` Վեթոներուն Եւ Նախապայմաններուն Պատճառով»

Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք ան շեշտեց, որ ըստ երեւոյթին, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի չկազմուի քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ պարտադրուած նախապայմաններուն եւ վեթոներուն պատճառով:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ասիկա վատ իրականութիւն մըն է լիբանանցիներուն համար:

«Մենք փաստեցինք, որ կ՛ապրինք խխունջներու հանրապետութեան մէջ, ուր ոչ ոք կը փափաքի կառավարութիւն կազմել», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն նշեց նաեւ, որ համախմբումին քննարկած օրակարգը ներառած է նաեւ Լիբանանի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի գոյութիւնը` ընդգծելով, որ լիբանանցիները այս իրականութեան դիմաց լուռ չեն կրնար մնալ:

Պատասխանելով Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին հարցումի մը` զօր. Աուն յայտնեց, որ նախքան այդ Սայտայի մէջ ահաբեկումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը խանգարելու իմաստով փորձեր կատարուած են, եւ կազմակերպուած իրավիճակ մը կայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կան միջավայրեր, որոնք կը հիւրընկալեն Ժապհաթ Նուսրան:

Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին զօր. Աուն ըսաւ, որ հրաժարեալ կառավարութիւնը կրնայ բանակի նոր հրամանատար մը նշանակել` աւելցնելով, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական կողմերը որոշեն հրկիզել Լիբանանը, ապա բանակի հրամանատարը չի կրնար զանոնք կասեցնել:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ ունեցած հաւանական հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ եթէ սէյիտ Նասրալլայի հետ հանդիպումը կատարուած է, ապա կատարուած կ՛ըլլայ, իսկ եթէ տակաւին չէ կատարուած, ապա պիտի կատարուի:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք առաջարկած են կազով եւ կանաչ մազութով բանող ինքնաշարժներու ծրագիրը` նշելով, որ այդ ծրագիրը պետական պիւտճէին համար 40-էն 50 առ հարիւրի շահ կ՛ապահովէ: Ան ըսաւ նաեւ, որ իրենք ունին նաեւ հիւսիսէն հարաւ երկարող կազատար մը կառուցելու ծրագիր մը, որ ճարտարարուեստի առումով յեղափոխութիւն մը պիտի ըլլայ եւ մէկ միլիառ երկու հարիւր միլիոնի խնայողութիւն մը պիտի կատարէ, ինչպէս նաեւ նուազ քան կէս տարիէն կարելի պիտի ըլլայ անոր կառուցման համար ծախսուելիք գումարը ապահովել:

Share this Article
CATEGORIES