Նախագահական Պալատին Մէջ Մատուցուեցաւ Տարեկան Իֆթարը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ երէկ երեկոյեան մատուցեց տարեկան իֆթարը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը եւ պետական ու բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ:
Տարեկան իֆթարէն բացակայեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նախքան իֆթարը նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու հեռանկարները:
Իֆթարի ընթացքին նախագահ Սլէյման իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մօտիկ ապագային պիտի առաջարկէ քննարկել սահմանադրութեան որոշ կէտերու յստակացումը: Ան շեշտեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Նախագահ Սլէյման ընդգծեց բանակին նկատմամբ անվերապահ զօրակցութիւն ցուցաբերելու եւ անոր դէմ գրգռութիւններու հրահրումը կասեցնելու կարեւորութիւնը:
Ան Պիր Ապըտի ականահարումը մտահոգիչ զգուշացում մը նկատեց եւ բոլորը հրաւիրեց ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:
Իտալական Զինուորական Պատուիրակութիւն
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, լիբանանեան եւ իտալական զինեալ ուժերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Զօր. Կրացիանօ եւ Մորապեթօ այցելեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:


