Մաժտալ Այնճար-Մասնաա Ճամբուն Վրայ Ինքնաշարժ Մը Ականահարումի Թիրախ Կը Դառնայ
Երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 15:45-ին, Մաժտալ Այնճար-Մասնաա միջազգային ճամբուն վրայ, Ազհար մզկիթին կից պայթեցաւ ական մը, որ թիրախ դարձուց «Ճի. Էմ. Սի.» տիպի (4×4) արծաթագոյն ինքնաշարժ մը:
Պայթումին թիրախ դարձած ինքնաշարժին մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ, որոնք փոխադրուեցան մօտակայ հիւանդանոցները:
Լիբանանեան բանակը շրջափակեց դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացաւ դէպքին շուրջ:
Անպաշտօն աղբիւրներուն համաձայն, ականահարումին թիրախ դարձած շքախումբը կը պատկանէր Հըզպալլայի: Շքախումբին մաս կը կազմեն Հըզպալլայի հինգ անդամներ, որոնցմէ Հիւսէյն Ալի Տիր եւ Ֆատի Ապտել Քարիմ վիրաւորուած են:
Վիրաւորները փոխադրուեցան Շթորայի հիւանդանոց, աւելի ուշ անոնք փոխադրուեցան Պէյրութ:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ ականը մէկ քիլոկրամ «Սի. 4 » քիմիական պայթուցիկ նիւթ կը պարունակէր:
CATEGORIES Լիբանանեան

