Խորհրդարանի Օրէնսդրական Լիագումարը Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Յետաձգուեցաւ

Խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարը երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով յետաձգուեցաւ 29, 30 եւ 31 յուլիսին:

Խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի գումարուէր նոյն օրակարգով, այսինքն` 45 կէտերէ բաղկացող օրինագիծերով օժտուած օրակարգով:

Լիագումար նիստը յետաձգուեցաւ ներկաներու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը պոյքոթի ենթարկող երեսփոխանները շեշտեցին, որ խորհրդարանին համար պէտք է բանալ արտակարգ նստաշրջան մը եւ ապա լիագումար նիստ մը կատարել:

Սակայն ներկայ երեսփոխանները յայտնեցին, որ խորհրդարանի նիստը պոյքոթի ենթարկող կողմերը կը միտին իրենց կեցուածքով պարտադրել կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին վերանշանակել իր նախկին պաշտօնին համար:

Խորհրդարանին մէջ ներկայ երեսփոխանները իրենց ընդվզումը յայտնեցին խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարը պոյքոթի ենթարկելու քայլին դէմ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի սահմանադրական օրէնքներէն եւ կանոններէն պիտի չհրաժարի` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին բանակին կայունութիւնը ապահովող բոլոր լուծումներուն եւ ելքերուն:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստը պոյքոթի ենթարկելու կամ ներկայութեան բաւարար թիւ չգոյացնելու քայլը կարելի չէ արդարացնել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ժողովուրդին վերաբերող հրատապ հարցերն ու հիմնախնդիրները անտեսուած են եւ այդ անտեսումը արդարացնելու ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կարելի է ներկայացնել:

«Այսօր մենք հանգիստ վիճակ մը ունենալու հանգրուանին մէջ չենք գտնուիր եւ եթէ մտահոգ ենք երկրին մէջ ստեղծուելիք անիշխանութեամբ, ապա պէտք է միացեալ կեցուածքով որոշումներ տանք` ազգային կարեւոր հարցերուն վերաբերեալ», ըսաւ Յ. Բագրատունի` շեշտելով, որ ինք խորհրդարանի լիագումար նիստը սահմանադրական եւ օրինական կը նկատէ: «Իսկ եթէ ոմանք նիստին օրակարգը կը փափաքին վերատեսութեան ենթարկել, ապա իմ կարծիքովս, ընդարձակ կամ ոչ ընդարձակ օրակարգեր չկան, այլ` կայ օրակարգ մը, որուն քննարկումին համար պէտք է ներկայանալ նիստի եւ մէկ առ մէկ քննարկել օրակարգին կէտերը կամ մերժել այդ կէտերուն քննարկումը: Այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ քուէարկել ի նպաստ այն օրինագիծերուն, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ժողովուրդին, որ արդէն իսկ իր տարրական կարիքները ապահովելու համար դժուարութեան մէջ է եւ սկսած է պժգալ այս խորհրդարանէն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ դժբախտաբար ոմանք չեն խօսիր իրենց մտքին մէջ թաքնուած նիւթերուն մասին` աւելցնելով, որ երկրին տագնապը վերածուած է քաղաքական տագնապի, աւելի քան` թեքնիք հարցերու եւ օրակարգի, որոնք պարզապէս պատճառաբանութիւններ են:

«Քաղաքական այս մտայնութեամբ մենք կ՛ուղղուինք դէպի անիշխանութիւն եւ իմ կարծիքովս, կայ քաղաքական ուժ մը, որուն կը յարմարին անիշխանութիւնն ու քաոսը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Share this Article
CATEGORIES