Պռօշեանի Ընտրութիւններուն Քուէներուն Վերահաշուարկը Արդիւնքը Չփոխեց

76 ձայնի տարբերութեամբ պարտուած դաշնակցական թեկնածու Վովա Սահակեան վերահաշուարկի դիմում ներկայացուցած էր Պռօշեանի երկու տեղամասերուն մէջ: Առաջինին պարագային քուէներու յարաբերակցութիւնը չփոխուեցաւ, իսկ երկրորդ ընտրատեղամասի պարկը բանալէ ետք գիւղապետ ընտրուած Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Արթուր Մուրադեանի ձայները աւելցան 8-ով, իսկ սպաննուած գիւղապետի ընտանիքի աջակցութիւնը վայելող Վովա Սահակեանին տրուած քուէները աւելցան 3-ով, երրորդ թեկնածու անկուսակցական Ալեքսան Ալեքսանեանի ձայները անփոփոխ մնացին:

Այսպիսով, հիմնական մրցակիցներ հանրապետական եւ դաշնակցական թեկնածուներուն ստացած քուէներու տարբերութիւնը 76-էն հասաւ 81-ի` ի նպաստ յաղթող թեկնածուին:

Վերահաշուարկը կ՛ընթանար լարուած մթնոլորտի մէջ, անվաւեր ճանչցուած քուէներու տրցակը բացուելուն պէս 26-րդ ընտրատարածքային յանձնախումբի հանրապետական անդամները եւ յաղթած թեկնածուին վստահուած անձը պահանջեցին մէկ առ մէկ քուէարկութեան դնել անվաւեր ճանչցուած 11 քուէաթերթիկները, որոնցմէ 8-ն փաստօրէն ձայներու մեծամասնութեամբ աւելցան Արթուր Մուրադեանի ստացած քուէներուն:

Յանձնախումբի անդամներէն երկուքը եւ նախագահը մինչդեռ կ՛առարկէին` հակադարձելով, թէ նոյնը չէ կատարուած առաջին պարկին պարագային:

Լարուածութեան մասին ահազանգներ ստանալով` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան վերահաշուարկին գործուղած էր յանձնախումբի երկու անդամներ` Սիլվա Մարկոսեանը եւ Գէորգի Մարտիրոսեանը, որոնք պարբերաբար կը փորձէին հաշտեցնել ընտրատարածքային յանձնախումբի անդամները:

Share this Article
CATEGORIES