Բերձորի Մէջ Պիտի Հիմնադրուի Նոր Բնակավայր

ԱՌԻ-ի խորհուրդի խումբ մը անդամներուն հետ հանդիպումէն պահ մը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 15 յուլիսին ընդունած է «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) կազմակերպութեան խորհուրդի խումբ մը անդամներ: Ողջունելով հիւրերը` Ա. Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի զարգացման նպատակով սփիւռքահայ բարերար-ներդրողներու նախաձեռնած ծրագիրին համար: Արցախի գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ կատարուող ներդրումներուն զուգահեռ, ընկերութեան անդամները յղացած են նաեւ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման օժանդակելու գաղափար:

Յուլիս 15-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ «ԱՌԻ» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր, որով Արցախի ազատագրուած տարածքներէն մէկուն` Բերձորի մէջ, ընկերութեան նիւթական յատկացումով պիտի հիմնադրուի նոր բնակավայր: Վարչապետին գնահատումով, ծրագիրը ոչ միայն դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Արցախի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին վրայ, այլ նաեւ նոր բնակավայրը, ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցներով, պիտի ըլլայ Արցախի ապագայի գիւղը:

Բիւզանդ Գէորգեան կը պարգեւատրուի վարչապետի յուշամետալով

Քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան հանդիպումին մասնակիցներուն ներկայացուցած է 150 բնակելի տունով կառուցուելիք բնակավայրին նախագիծը եւ շինարարական աշխատանքներուն ժամանակացոյցը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` ԱՌԻ ընկերութեան խորհուրդի` Արցախ ժամանած պատուիրակութեան պատասխանատու Բենիամին Պչաքճեան նշած է, որ այս համաձայնագիրով պիտի ամրապնդուի տարիներու համագործակցութիւնը եւ պիտի ամբողջանայ ծրագիրը:

Հանդիպման ընթացքին կառավարութեան ղեկավարը Վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրած է ԱՌԻ ընկերութեան խորհուրդի անդամ Բիւզանդ Գէորգեանը` ծննդեան 80-ամեակին եւ Արցախի զարգացման իմաստով ունեցած մեծ աւանդին համար: Այս տեղեկութիւնը փոխանցուած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքէն:

 

Բնակավայրին նախագի

Կառուցուելիք նոր բնակավայրին վայրը

Share this Article
CATEGORIES