Աբրահամեան Ընդունեց Նոր Հարաւային Ուէյլզի Խորհրդարանի Եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներու Պատուիրակութիւնը

Աւստրալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին նահանգը հանդիսացող Նոր Հարաւային Ուէյլզի խորհրդարանական եօթը հոգինոց պատուիրակութիւնը 16 յուլիսին այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց նահատակներու յիշատակին` ծաղիկներ զետեղելով անմար կրակին շուրջ: Ապա աւստրալիացի խորհրդարանականները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր շրջագայելէ եւ փաստաթուղթերուն ու վաւերագրութիւններուն ծանօթանալէ ետք արձանագրութիւններ ձգեցին հիւրերու յատուկ յուշամատեանին մէջ:

Նշենք, որ այցելութեան ծիրին մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ հետագայ համագործակցութեան ամրապնդման հարցեր: Հայկական կողմը բարձր գնահատեց Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Աւստրալիոյ, յատկապէս Նոր Հարաւային Ուէյլզի ցուցաբերած դրական վերաբերումը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր ընդունեց Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը` Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ խաղաղ ովկիանոսեան շրջանի երկիրներուն եւ մասնաւորաբար Աւստրալիոյ հետ յարաբերութիւններու խորացումն ու ամրապնդումը երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով: Ըստ անոր, վերջին տարիներուն հայ-աւստրալիական քաղաքական կապերը զգալիօրէն աշխուժացած են եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու խորացման համար առկայ են լաւ նախադրեալներ: Յովիկ Աբրահամեան միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ կարեւոր նկատեց միջխորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումը եւ բարեկամական խումբերու գործունէութիւնը:

Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի բոլոր անդամներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ ընդունուեցաւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին արժէքաւոր աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նահանգի օրէնսդիր մարմինին` 25 հոկտեմբեր 2012-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ անոր հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման համար: Նշենք, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգը Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգն է եւ այնտեղ կը բնակի Աւստրալիոյ բնակչութեան մէկ երրորդը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` պատուիրակութեան ղեկավար, Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգի Հայ-աւստրալիական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճոնաթան Օտեն կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ համագործակցութեան զարգացումը եւ ամրապնդումը քաղաքական, տնտեսական եւ միւս ուղղութիւններով: Կարեւոր նկատուեցան միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացումն ու խորացումը, բարեկամական խումբերու համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ այցելութիւնները: Հիւրերը նշեցին, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգային խորհրդարանը առաջինն է, որ ճանչցած է թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը, բայց իրենք կ՛ընեն ամէն ինչ, որպէսզի միւս նահանգներու խորհրդարանները նոյնպէս ընդունին այսպիսի բանաձեւեր: Նահանգային խորհրդարանը դիմեց նաեւ կեդրոնական իշխանութիւններուն` յորդորելով ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Հիւրերը բարձր գնահատեցին հայ համայնքի դերը եւ մեծ ներդրումը Աւստրալիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES