Դաշնակցական Երիտասարդութեան Նախաձեռնութեամբ Բողոքի Ցոյց` Ռուսիոյ Դեսպանատան Առջեւ
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ երէկ հաւաքուեցան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք բողոքեցին Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ Պոտոլսքի արկածին համար մեղադրուող հայ վարորդ, ազատամարտիկ Հրաչեայ Յարութիւնեանի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքին համար:
Դեսպանատան առջեւ հաւաքուեցան նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներ, որոնք իբրեւ բողոքի նշան ուզեցին նամակ մը յանձնել Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին:
Դեսպանատունէն ոչ ոք ստանձնեց նամակը: Ըստ հայ իրաւապահներուն, դեսպանատան աշխատանքային ժամը աւարտած էր եւ բողոքի ցոյցին մասնակիցները իրենց նամակը կրնային ձգել դեսպանատան փոստարկղին մէջ: Բողոքի մասնակիցներէն երկու հոգի մօտեցան նամակը փոստարկղին մէջ ձգելու, իսկ աւելի ուշ վերարկուն, որ պէտք է յանձնէին դեսպանատուն, փակցուեցաւ դեսպանատան շէնքին առջեւ տեղակայուած` Մոսկուայի պատկերներով ցուցավահանակին վրայ:

