Ազրպէյճանի Ընդդիմադիր Ազգային Խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Լուծելու Վերաբերեալ Հայեցակարգ Կը Մշակէ

Haggin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդը, որ ծանօթ է Ազգային խորհուրդ անունով, սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ հայեցակարգ մշակել:

Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Ժամիլ Հասանլի յայտարարած է, որ տագնապը լուծելու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը որեւէ արդիւնք չի տար, ուստի անհրաժեշտ է նոր հայեցակարգ մշակել:

«Արդէն քսան տարիէ ի վեր ազրպէյճանական հողերը բռնագրաւուած են, եւ ամբողջ այս ժամանակահատուածին մէջ նոյնիսկ 20 մեթր տարածք չէ ազատագրուած: Կառավարութեան մեղքով հասարակութիւնը երկար ժամանակ մեկուսացուած եղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հոլովոյթէն: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցը «փակ նիւթ է», որ կը գտնուի միայն նախագահի «վերահսկողութեան» տակ… Այդ քաղաքականութիւնը, սակայն, ինքզինք չ՛արդարացներ», նշած է ան:

Հասանլի աւելցուցած է, որ ղարաբաղեան տագնապի ձգձգման կը նպաստէ նաեւ Ազրպէյճանի պատկերասփիւռի կայանը, որ ամէն ինչ կ՛ընէ ժողովուրդի ուշադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի նիւթէն շեղելու համար:

«Ազրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանով հեռարձակուող շարք մը ծրագիրներ չեն համապատասխաներ բարոյական արժեչափերուն: Անոնք միայն կը նպաստեն, որ ժողովուրդը մոռնայ Ղարաբաղը: Միջազգային կազմակերպութիւնները եւս ջանքեր կը գործադրեն, որ ազրպէյճանցիները համակերպին ստեղծուած իրավիճակին եւ ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման», ըսած է քաղաքական գործիչը:

Ազրպէյճանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը միաւորող Ազգային խորհուրդը ձեւաւորուած է մայիս 2013-ին: Խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են «Ազգային ճակատ», «Դասական ազգային ճակատ», «Մուսաւաթ» կուսակցութիւնները, «Էլ» (ժողովուրդ. «Ա.») շարժումը եւ շարք մը այլ քաղաքական ուժեր:

Շաբաթներ առաջ տեղի ունեցաւ Ազգային խորհուրդի նիստը, որուն ժամանակ 84 թեր եւ 1 ձեռնպահ քուէներով որոշում տրուեցաւ հոկտեմբեր 2013-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրել շարժանկարի բեմադրիչ Ռուստամ Իպրահիմպեկովի թեկնածութիւնը: 7 յունիսին, Ազգային խորհուրդը որդեգրած էր հռչակագիր մը, որուն մէջ կը նշէր, որ իշխանութեան գալու պարագային իրենց արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ «ղարաբաղեան տագնապի լուծումը` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES