Երեւանի Մէջ Կը Շարունակուի «Առողջ Սերունդ` Պաշտպանուած Հայրենիք» Աւանդական Փառատօնը
PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 10 յուլիսէն ի վեր Երեւանի մէջ կը շարունակուի «Առողջ սերունդ` պաշտպանուած հայրենիք» համաքաղաքային աւանդական փառատօնը:
Փառատօնի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 7 մարզաձեւեր. ճատրակ, վոլիպոլ, շաշքի, հենտպոլ, հեծելարշաւ, պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ:
Մինչեւ համաքաղաքային հանգրուանը, մայրաքաղաքի 12 վարչական շրջաններու խումբերը տուած են իրենց լաւագոյնը:
Փառատօնին գլխաւոր նպատակը դեռահասներուն եւ պատանիներուն շրջանակին մէջ առողջ ապրելակերպի սերմանումն է:
Այս փառատօնին ընդհանուր դասաւորման մէջ առաւելագոյն կէտը ապահոված վարչական շրջանի խումբը կը պարգեւատրուի Երեւանի քաղաքապետի տիտղոսով:
Յատուկ տիտղոսներ կը ստանան նաեւ առանձին մարզաձեւերուն մէջ յաղթական խումբերը:
Իսկ այն մասնակցողները, որոնք կը դառնան ուշագրաւ` իրենց ունեցած իւրայատկութիւններով, պիտի ընդգրկուին մայրաքաղաքի մարզադպրոցներուն մէջ:

