Պատանիներու Ամառնային Ողիմպիական. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Մասնակցի Զտումի Մրցաշարքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ 16-28 օգոստոս 2014-ին Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան 2014-ի պատանիներու ամառնային ողիմպիական խաղերը:

Հայաստանի 1999-ի ծնունդ պատանիներու հաւաքականը պիտի մասնակցի այդ խաղերուն Եւրոպայի զտումի մրցումներուն:

Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ֆինլանտա, Իսլանտա եւ Մոլտաւիա: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Զուիցերիոյ մէջ, իսկ մրցումները` Նիոնի Քոլովը մարզադաշտին վրայ:

Իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբը միայն կ՛ապահովէ ողիմպիական խաղերու աւարտական հանգրուաններուն իր տոմսը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES