«Խոտի Վրայ Դահուկարշաւը Տեղի Ունեցաւ Մեծ Հետաքրքրութեամբ» Ըսաւ Սալամէ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան հիւրընկալեց խոտի վրայ դահուկարշաւի մրցաշարքը, որ կ՛իյնայ աշխարհի խոտի վրայ դահուկարշաւի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին խօսք առնելով` Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին նախագահը` Շարպել Սալամէ, ըսաւ. «Իբրեւ հիւրընկալ երկիր յաջողեցանք մրցաշարքի կազմակերպման մէջ, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ ու խանդավառութեամբ: Երբ կազմուեցաւ նոր ֆետերասիոնը, յայտարարեցինք, որ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք` յաջողցնելու համար մեր ստանձնած պարտականութիւնը: Այժմ, մեր դիմաց ունինք այլ կարեւոր մարտահրաւէր մը` նկատի ունենալով որ յառաջիկայ տարուան փետրուար 2014-ին Արզի մէջ պիտի հիւրընկալենք Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութիւնը»:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Սալամէ յատուկ յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Միջազգային դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Փերի Ռուսուրմի:



