Պեշիքթաշի Եւ Ֆեներպահչէի Դէմ Հաստատուած Կախակայումի Պատիժները Մնացին Ի Զօրու
Շաբաթասկիզբին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ թրքական երկու ակումբներուն` Պեշիքթաշի եւ Ֆեներպահչէի դէմ սահմանուած կախակայումի պատիժները մնացին ի զօրու, հակառակ անոր որ անոնք բողոքագիր մը գրեցին այդ պատիժները բեկանելու առնչութեամբ:
Ֆեներպահչէ, որ նոր տարեշրջանին պիտի մասնակցէր «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, երկու տարեշրջանով կախակայուած է, իսկ Պեշիքթաշ, որ պիտի մասնակցէր «Եուրոփա լիկ»-ին` տարեշրջանով մը:
Նշենք, որ անոնք երկուքը կախակայուած են 2011-ին Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքներուն հետ «խաղացած» ըլլալու յանցանքով ամբաստանուելով:
CATEGORIES Մարզական

