«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» Մամլոյ Հաղորդագրութիւն
Իր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» յայտարարեց, որ աւարտեցաւ Աթրիթ պասքեթպոլ, «Ռետ Պուլ Քինկ աֆ տը Ռոք 2013»-ի հայաստանեան պաշտօնական մրցաշարքը, որուն յաղթականը կը մեկնի Սան Ֆրանսիսքօ` հոն 28 սեպտեմբերին ներկայացնելու համար Հայաստանը միջազգային աւարտականներուն:
Այս մրցաշարքը առաջինն է Սթրիթ պասքեթպոլի պատմութեան մէջ, որ իւրաքանչիւրին պասքեթպոլ խաղալու առիթ կու տայ «Ալքաթրաս» նախկին բանտին մէջ, ուր ապա կ՛ընտրուի, չորրորդ տարին ըլլալով` «Ժայռի թագաւոր»-ը: Յաղթականը կը ստանայ նաեւ 20 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.», որ այս մրցաշարքին պաշտօնական գործընկերն է, իր այս մամլոյ հաղորդագրութիւնը շարունակելով կ՛ըսէ, որ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մասնակցող 24 երկիրներն են Հայաստան, Աւստրիա, Պահրէյն, Ազրպէյճան, Պրազիլ, Չեխիա, Եգիպտոս, Վրաստան, Հոնկ Քոնկ, Իտալիա, Ճափոն, Յորդանան, Քուէյթ, Լիբանան, Ֆիլիփեան կղզիներ, Քաթար, Ռուսիա, Սերպիա, Սպանիա, Թայուան, Թուրքիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ուքրանիա եւ Միացեալ Նահանգներ:



