Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր փափաքին վերաբերեալ պէտք է որոշում մը տաք այն անձին հետ, որուն կապած էք ձեր կեանքը: Օրը վճռական է ձեր ապագային համար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անկեղծութիւնը եւ յարձակունակութիւնը իրարու հետ մի՛ շփոթէք: Ասոնք տարբեր բաներ են: Ձեր միտքը արտայայտեցէք մեղմ եղանակով, քնքշութեամբ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքը կատարեցէք առանց դանդաղելու, արագացուցէք գործերը, որպէսզի կարենաք օգտուիլ ձեր ազատ ժամերէն, որոնք այնքան անհրաժեշտ են:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կը դժուարանաք մարզանք կատարելու, որ շատ կարեւոր է ձեր առողջութեան համար: Քիչ-քիչ փորձեր կատարեցէք, որպէսզի վարժուիք ու սիրէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մտահոգուած էք ձեր տնտեսական վիճակով: Այս մասին շատ մի՛ մտածէք, որովհետեւ ձեր տնտեսական վիճակը այնքան ալ մտահոգիչ չէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ձեզի որեւէ բան պակսի կամ անմիջական կարիք մը ունենաք, ձեզի օգնութեան կրնան հասնիլ ձեր դրացիները, հարազատները: Մի՛ մտահոգուիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ մսխէք ձեր ունեցած գումարը: Մի՛ կարծէք, որ ձեր ունեցածը չի վերջանար: Ջայլամի քաղաքականութիւն մի՛ ընէք: Խնայասէր եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այսօր պիտի ունենաք բարձր տրամադրութիւն, ինչ որ ունէիք ձեր բնաւորութեան մէջ: Նախկին լաւատեսութիւնը եւ խանդավառութիւնը պիտի վերադառնան: Անհոգ մնացէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր վրայ վստահութիւն ունին ձեր շուրջինները: Մնացէք ձեր դիրքին տէրը, որպէսզի կարենաք որոշել ձեր նպատակը: Օրը նպաստաւոր է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ խուսափիք ընկերային կեանքէ, ունիք պարտաւորութիւններ այս կապակցութեամբ, հետեւաբար մնացէք պատրաստակամ: Կը յարգուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Զգացում մը կ՛արգելակէ որոշում մը տալու կարեւոր հարցի մը շուրջ: Զգուշաւորութիւնը պէտք չէ այդքան իշխէ ձեր միտքին ու սրտին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հանգստանալու պէտք ունիք: Կը թուի, թէ կարիք ունիք հանդարտ եւ խաղաղ անկիւնի մը մէջ հանգստանալու: Հեռու մնացէք աղմուկէ եւ շատախօսներէ:

Share this Article
CATEGORIES