50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1963)
Սիրոյ Եւ Կնոջ Մասին
Պարոնեանէն Կարծիքներ
– Առաւօտէն մինչեւ երեկոյ պատուհանին առջեւ նստող կիները պարտէզի մը առջեւ տնկուած ծառեր են, ամէն անցնող բան մը փրցնել կը փափաքի:
– Սէրը մանուկ մըն է, որ խենթ է, կոյր է, փոփոխամիտ է, հաստատամիտ է, անաչառ է, խելօք է, անառակ է: Հրամմեցէք, պարոն մանկավարժներ, դաստիարակեցէք տեսնեմ այս մանուկը:
– Խենթ սիրահարը միշտ թանձր մառախուղի մէջ է եւ կը կարծէ, որ յստակ կը տեսնէ ամէն բան:
– Աղջիկներէն ոմանք կը նմանին վարպետ մրգավաճառներուն, որոնք կողովին երեսը քանի մը խոշոր եւ փայլուն խնձորներ դնելով` գէշերն ալ մէկտեղ քշել կ՛ուզեն, եւ եթէ կողովը քիչ մը քննել ուզես, «կարգն աւրեցիր» ըսելով` քեզ կը վռնտեն:
– Անհաւատարիմ կին մը դժուարամարս կերակուր մըն է, պատուաւոր ամուսինները դուրս տալով կրնան հանգստանալ, իսկ անպատիւները շատ դիւրութեամբ կը մարսեն եւ աշխարհիս ամէնէն սննդարար եւ առողջարար կերակուրը կը ներկայացնեն զայն ուրիշներուն:
– Տասնեւութ տարեկան աղջիկ մը դիւրավառ փայտէ շինուած տուն մըն է եւ ոչ մէկ ապահովագրական ընկերութիւն կրնայ զայն ապահովել սիրոյ հրդեհին դէմ:
– Խոհեմութիւնը, որ կիրքերուն սանձն է, գրեթէ միշտ կը սանձուի կիրքերէն:
– Ապուշի մը գեղեցիկ աղջիկ տալը դդմենիի վրայ վարդ պատուաստելու կը նմանի. չի բռներ:
– Սէրն ալ գինիի պէս է, եփածն ալ կայ չեփածն ալ, անուշէն ալ կը գտնուի, կծուէն ալ, եւ որ հիննալով, աւելի պատուական կ՛ըլլան, եւ որ երթալով` քացախ կը դառնան:
—————————————————
Վաւերագրեր
Հայերը Բնաջնջելու Իթթիհատի
Հրէշային Ծրագիրը
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի դիւանը ժամանակին փոխադրուած էր Երուսաղէմի վանքը: Վաւերագրերով հարուստ այդ դիւանէն կը քաղենք հայերը ազգովին բնաջնջելու ծրագիրը, զոր մշակած էր Իթթիհատը.
Յօդ. 1.- Ընկերակցութիւններու օրէնքին երրորդ եւ չորրորդ յօդուածներէն օգտուելով` բոլոր հայ ընկերակցութիւնները խափանել եւ անոնց վարչական մարմիններուն եւ անոնց մէջ ի վաղուց Իթթիհատի կառավարութեան հակառակ աշխատողները ամբողջովին ձերբակալելով Մուսուլի, Պաղտատի պէս նահանգները ղրկել եւ ճամբան կամ այն տեղերը փճացնել:
Յօդ. 2.- Բոլոր հայոց ամէն տեսակ զէնքերը հաւաքել:
Յօդ. 3.- Մասնաւոր պատշաճ միջոցներով իսլամական կարծիքը պատրաստել: Վանի, Էրզրումի եւ Ատանայի պէս տեղեր, ուր հայերը արդէն իսկ իրենց ընթացքովը իսլամներու պժգանքը շահած են, կազմակերպեալ (շինծու) դէպքեր ստեղծել, ինչպէս Ռուսիա ըրաւ Պաքուի մէջ:
Յօդ. 4.- Էրզրումի, Վանի, Էլ Ազիզի եւ Պիթլիսի պէս նահանգներու մէջ գործադրութիւնը (բնաջնջում) բոլորովին ժողովուրդին թողլով, զօրքերն ու կարգապահական ուժերը իբր թէ ջարդերը արգիլելու գործածել: Իսկ Ատանայի, Սվազի, Պրուսայի, Նիկոմիդիոյ եւ Իզմիրի պէս տեղերը, ընդհակառակն, իսլամներու օգնել զինուորական ուժով:
Յօդ. 5.- Բնաջնջումը գործադրել մասնաւորապէս յիսունէն վար այրերու եւ դպրոցի ուսուցիչներու վրայ: Աղջիկներն ու մանուկները թողուլ իսլամացնելու համար:
Յօդ. 6.- Փախչելու յաջողածներուն ընտանիքը մէջտեղէն վերցնել եւ միջոցներ ձեռք առնել երկրին հետ անոնց կապը բոլորովին խզելու համար:
Յօդ. 7.- Կառավարական հայ պաշտօնեաները, պատճառաբանելով թէ լրտեսութիւն ըրած են, վտարել բոլոր պետական պաշտօնատուներէն:
Յօդ. 8.- Բանակին մէջ գտնուողներուն պատշաճ ձեւով զինուորական իշխանութեան կողմէ բնաջնջումը:
Յօդ. 9.- Գործողութիւնը ամէն կողմ միաժամանակ սկսիլ եւ այսպէս, ինքնապաշտպանութեան ժամանակ չթողուլ:
Յօդ. 10.- Այս հրահանգին գաղտնի մնալուն եւ միայն մէկ երկու հոգիի միջեւ մնալուն վերջին ծայր հող տանիլ:

