Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

Հ. Մ. «Արարատ» Կազմակերպութեան
69-
ամեակի Տօնակատարութիւնը

Յուլիս 4-ին Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան կեդրոնատեղիի «Կոմիտաս» սրահին  մէջ նշուեցաւ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 69-րդ տարեդարձը:

Օրուան հաղորդավարներ Արգին Արիստակէսեան եւ Գարունէ Պանդարի շնորհաւորեցին Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան 69-րդ տարեդարձը, յարգանք մատուցեցին անոր հիմնադիրներուն, ներկայացուցին կազմակերպութեան գաղափարաբանութիւնն ու նպատակները եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուցին կազմակերպութեան եւ անոր մասնաճիւղերուն պատմականը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Համլեթ Խալոյեան ներկայացուց կազմակերպութեան մասնաճիւղերուն եւ Կեդրոնական վարչութեան կից աշխատող մարմիններուն վերջին ամիսներուն ծաւալած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` յառաջիկայ տարի կազմակերպութեան 70-ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի կատարելիք աշխատանքները: Ապա ցուցադրուեցաւ կազմակերպութեան տարբեր միութիւններու աշխատանքները ներկայացնող պատկերներ:

 

Նոր Ջուղա

«Էլվիրա Ղազարեանի Ձեռարուեստի
Աւանդը Նոր Ջուղայի Մէջ» Խորագրով
Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յունիս 7-ին Նոր Ջուղայի մէջ բազմավաստակ ուսուցչուհի եւ ձեռարուեստի մեծ վարպետ Էլվիրա Ղազարեանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Էլվիրա Ղազարեանի ձեռարուեստի աւանդը Նոր Ջուղայի մէջ» խորագիրը կրող ձեռարուեստի գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքին մէջ  ընդգրկուած են 85-ամեայ հայուհիին  կենսագրական տուեալները եւ իւրօրինակ ձեռագործներուն լուսանկարները:

Էլվիրա Ղազարեանին կրտսեր քոյրը` Դիանա Ղազարեան (Խաչիկեան) խօսք առնելով` բացատրեց, թէ իրականացնելով իր աւագ քրոջ վաղեմի երազանքը` ձեռարուեստի գիրքի տպագրման, եւ նպատակ ունենալով յաւերժացնելու անոր բացառիկ արուեստը, նախաձեռնած է այս գիրքի տպագրութեան` յոյս ունենալով, որ անիկա ապագայ սերունդի մէջ սէր եւ ճաշակ կը յառաջացնէ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ ետք շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին «Քանանեան» դպրոցի փոխտեսուչ Ռիմա Սիմոնեան, Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի վարչութեան նախագահ Քարմեն Ղեւեան, «Արմէն» տարրական կրթահամալիրի տեսուչ Լիոնթին Աբրահամեան եւ Կրթական խորհուրդի ատենապետ Ջանսոն Աղաբաբայեան:

Աւարտին թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան խօսք առնելով` իր ուրախութիւնը յայտնեց բազմավաստակ ուսուցչուհիի գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ գտնուելու կապակցութեամբ եւ շնորհաւորեց գիրքին լոյս ընծայումը` շեշտելով, որ մենք պէտք է արժեւորենք մեր մեծերը եւ անոնց գործերը:

Յայտնենք, որ նոյն վայրին մէջ կազմակերպուած  էր նաեւ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին Ղազարեանին եզակի աշխատանքները:

 

Պուլկարիա

Թեմական Պատգամաւորական Ժողով

Յունիս 29-30-ին Փլովտիւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի Թեմական պատգամաւորական ժողովը: Ժողովին օրակարգը կը կազմէր պուլկարահայոց թեմի նոր կանոնադրութեան քննարկումն ու ընդունումը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայանալիք Ազգային եկեղեցական ժողովին Պուլկարիոյ պատուիրակներուն ընտրութիւնը:

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ Փլովտիւի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:  Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան կարդաց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը` ուղղուած Պուլկարիոյ թեմի Պատգամաւորական ժողովին: Այնուհետեւ ժողովը իր աշխատանքը շարունակեց Փլովտիւի Հայ մշակոյթի տան սրահին մէջ:

Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ մայր հայրենիքը միշտ եղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողքին` Հայաստանի եւ  սփիւռքի մէջ:

Այնուհետեւ իրենց օրհնութեան եւ քաջալերանքի խօսքը արտասանեցին Տաթեւ եպս. Յակոբեան եւ պուլկարահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան:

Երկու օրերու վրայ երկարող քննարկումներէն ետք Թեմական պատգամաւորական ժողովը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունեց Պուլկարիոյ հայոց թեմի նոր կանոնադրութիւնը:

Ժողովը ընտրեց նաեւ  իր պատգամաւորները` Ռուբէն Չաւուշեան եւ Սարգիս Գարաճեան,  զիրենք ներկայացնելու Ազգային եկեղեցական ժողովին:

Ժողովը փակուեցաւ Աբգար վրդ. Յովակիմեանի օրհնութեան եւ շնորհակալութեան խօսքով:

 

Լիթվիա

Հայ Արուեստագէտներու Մասնակցութիւնը
Վիլնիւսի «Մշակութային Գիշեր» Փառատօնին

Յուլիս 5-ին Վիլնիւսի մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակութային գիշեր» ձեռնարկը,  որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանը: Արուեստի եւ մշակոյթի այս փառատօնը 7-րդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի Լիթվիոյ մէջ:

Սոյն փառատօնին Հայաստանը ներկայացուցին «Արամ Խաչատուրեանի անուան եռեակը», որ Վիլնիւսի  քաղաքային համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ Ա. Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած երկու  համերգով եւ քանդակագործ  Առնօ  Կուռը (Սաշա Ղալեչեան)`  «Տես քեզ հայերէն»  նախագիծով:

Նշենք, որ ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Լիթվիոյ մէջ Հայաստանի  դեսպանութեան աջակցութեամբ:

 

Ֆրանսա

Ֆրանսահայ Թեմի Առաջնորդին Հրաժարականը

Վերջերս ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան ներկայացուց իր հրաժարականը:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նորվան սրբազանին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր` ֆրանսահայ համայնքին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Սրբազանը իր նպաստը ունի մեր գաղութի դպրոցաշինութեան ու ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ իր անշահախնդիր ծառայութեան մէջ: Հակառակ բազում դժուարութիւններու, ան յաջողութեամբ պսակեց իրեն վստահուած ծանր ու դժուարին պարտականութիւնը` միացնել Ֆրանսայի ծուխերը եւ կազմել ֆրանսահայ թեմ:

Նորվան արք. Զաքարեան կը վայելէ ֆրանսահայ համայնքին անվերապահ յարգանքը: Ան կը ներկայացնէ Հայ եկեղեցին` Ֆրանսայի քաղաքական թէ այլ շրջանակներու մէջ, որոնք միշտ ալ բարձր կը գնահատեն ու կ՛արտայայտուին անոր տիպար պահուածքին մասին:

Նորվան արք. Զաքարեան յաջողեցաւ իր անձին շուրջ ստեղծել անհրաժեշտ համախոհութիւն ու ան դարձաւ միասնականութեան առանցք` շնորհիւ իր նուիրումին ու անշահախնդրութեան: Իր նախաձեռնութիւնն էր Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարեկարգումը:

Առ այդ, այս հրաժարականը հաւանական ժխտական հետեւանքներ կրնայ ունենալ համայնքին համար:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը փափաքի, որ Նորվան արք. Զաքարեան իր տեղը պահէ Ֆրանսայի Հայ եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ, իր հաւատացեալներուն ու իր համայնքի կողքին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Հեծելարշաւ` Ի Նպաստ Հայ Ոսկրածուծի Միութեան

Յունիս 22-ին տեղի ունեցաւ Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան ի նպաստ ու Հայկական հեծելարշաւի միութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան վեցերորդ հեծելարշաւը, որուն մասնակիցները Կլենտէյլէն ճամբայ ելան` հասնելով մինչեւ Սան Տիեկօ:

136 մղոննոց «Կեանքի համար հեծելարշաւ»-ին շնորհիւ` կարելի եղաւ գոյացնել մօտաւորապէս 8 հազար  տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի կեանքեր փրկելու նպատակով Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն:

Հեծելարշաւը սկսաւ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ու աւարտեցաւ Սան Տիեկոյի հին քաղաքամէջը, ուր միութեան ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ ջերմօրէն ողջունեցին հեծելարշաւին մասնակիցները` անոնց համար հիւրասիրութիւն մը կազմակերպելով:

Իրաւաբան Կարօ Ղազարեան` Ղեկավար
Կլենտէյլի Քաղաքացիական Ծառայութեան
Յանձնաժողովին

Հայ իրաւաբաններու միութեան կառավարիչներու խորհուրդի ատենապետ (երկրորդ տարին ըլլալով) իրաւաբան Կարօ Ղազարեան 26 յունիսին միաձայնութեամբ ատենապետ ընտրուեցաւ Կլենտէյլի Քաղաքացիական ծառայութեան յանձնաժողովին: Այս յանձնաժողովը ունկնդրութիւն կը շնորհէ կարգապահական կարգադրութեան ենթարկուած պաշտօնեաներու եւ կը ծառայէ իբրեւ դատարանանման մարմին: Նոյն յանձնաժողովը նաեւ կը մշակէ պաշտօնեաներու գնահատման եւ վարձատրման կանոններ` երաշխաւորելով Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքացիական ծառայողներու բարձրամակարդակ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` թոյլ չտալով, որ մարդիկ պաշտօն ստանձնեն միջնորդութիւններու ճանապարհով:

Լոս Անճելըսի «Փիփըլս քալեճ աֆ լօ» իրաւաբանական համալսարանի տնօրէն Կարօ Ղազարեանի ձեռնհասութեան եւ աշխատասիրութեան մասին վկայեց յանձնաժողովի շրջանաւարտ ատենապետ Արթըր Տեւըն, որ նաեւ դրուատեց Ղազարեանին գերազանց պատրաստուածութիւնը` կատարելու իրեն վստահուած գործը:

Ղազարեան, իր կարգին, գնահատեց նախկին ատենապետին տարած աշխատանքը եւ հաստատեց, որ սիրով պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը` ի շահ Կլենտէյլի աւելի քան 1500 քաղաքացիական ծառայողներուն:

Ղազարեան նախապէս կը վարէր այս նոյն յանձնաժողովին փոխատենապետի պաշտօնը: Ղազարեանին փոխարինեց Արա Հաթամեան: Յանձնաժողովին միւս անդամներն են` Արթըր Տեւըն, Սեմ Մանուկեան եւ Թալին Եագուպեան:

Ալեք Բազուկեանի «Ալպոմ Երգարան»-ի Շնորհահանդէս–Համերգը

Յունիս 23-ին Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ալեք Բազուկեանի «Ալպոմ երգարան»-ին շնորհահանդէս-համերգը:

Գիրքը կը ներկայացնէ Ա. Բազուկեանի 100-է աւելի երաժշտական ստեղծագործութիւններէն միայն 26 մեներգներ եւ զուգերգներ: Գիրքի առաջին բաժինով տպագրուած է բանաստեղծութիւնները եւ յօրինուած նոթագրութիւնը, իսկ երկրորդ բաժնով պատկերազարդ նկարներով ներկայացուած են «Արազ» երգչախումբին ելոյթները` թէ՛ տարեկան եւ թէ՛ զանազան ազգային բնոյթ կրող միութիւններու յայտագիրները եւ նկարները:

Ձեռնարկին  բացումը կատարեց ԻՀՄ-ի խնամակալ մարմինի անդամ Թոմիկ Ալեքսանեան, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:

Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան նախագահ բանաստեղծ  Գրիշ Դաւթեան «Խօսք օրուան մասին» վերնագրի տակ ներկայացուց օրուան խորհուրդը ու պատմեց մանկութեան յուշերէն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ բանաստեղծ ու ԻՀՄ-ի «Տեղեկատու» ամսաթերթի երկար տարիներու պատասխանատու Ն. Տ. Մեսրոպեան: Ապա շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ա. Բազուկեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն, որմէ ետք Գրականութեան եւ արուեստի բաժանմունքի պատասխանատու Մակի Ջառահեանը յայտարարեց, որ ԻՀՄ-ի մէջ  գինիով օծուած բոլոր գիրքերը պիտի ուղարկուին Հայաստանի Մատենադարան:

Կիլիկեան Ասպետի Շքանշանի Յանձնում
Ազգային Բարերար Ճորճ Թումանեանի

Յունիս 25-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան  այցելութիւն մը տուաւ ազգային բարերար Ճորճ Թումանեանին եւ անոր յանձնեց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որով, ի պատասխան առաջնորդ սրբազանի խնդրանքին, բարերարին կը շնորհուէր «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանը: Առաջնորդին կ՛ընկերանային Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Գոհարիկ Կապրիէլ: Ներկայ էին Թումանեան ընտանիքին անդամները:

Թումանեան աւելի քան 50 տարիներու վաստակ ունի Արեւմտեան թեմին ու յատկապէս Մոնթեպելլոյի եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ, եղած է հոգաբարձութեան նուիրեալ անդամներէն ու եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներէն մէկը: Ան մաս կազմած է Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբին: Հաւատալով, որ մեր երիտասարդութիւնը պէտք է բոլորուի եկեղեցւոյ շուրջ եւ ունենայ գործօն ներկայութիւն` ան դարձած է բարերարը եկեղեցւոյ կից երիտասարդական կեդրոնի մը կառուցման. սրահը կը կրէ իր անունը` «Թումանեան երիտասարդական կեդրոն»: Ան քանի մը տարի առաջ հոգաց այս կեդրոնին նորոգութեան ու բարեփոխման ամբողջ ծախսը: Իսկ վերջերս` 2013-ի սկզբնաւորութեան, Ճորճ Թումանեան եւ իր զաւակը` Մայքըլ, յանձն առին Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ ներքնամասի ամբողջական վերանորոգութեան ծախսը` զայն նուիրելով եկեղեցւոյ:

Ճորճ Թումանեանին բարերարութիւնները տարածուած են նաեւ եկեղեցւոյ շրջագիծէն անդին եւ իբրեւ բարիք բաշխուած են ընտանեկան հարազատներու, գործի ասպարէզի աշխատակազմի անդամներու եւ կազմակերպութիւններու: Անոր արդար, հոգածու եւ մարդկայնական նկարագիրը ծանօթ է Լոս Անճելըսի շրջանակներուն մէջ. զինք պատիւի արժանացուցած են Ամերիկայի սկաուտական շարժումն ու «Ուայ. Էմ. Սի. Էյ.»-ը:

Share this Article
CATEGORIES